Որոնել

2023.10.07 Santa Messa per il Corpo della Gendarmeria Vaticana

Պայքարիլ սատանային դէմ, որ կ՛ուզէ կործանել ամէն բան. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը նախագահեց Վատիկանի Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ` Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնին պատարագը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի տօնին առիթով, որուն ծիսական տօնը կը յիշատակուի 29 սեպտեմբերին, շաբաթ 7 հոկտեմբերի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին մօտ գլխաւորեց` Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնին նուիրուած պատարագը։

Այս առիթով արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ոստիկանները նմանեցուց այն խաղողի այգիին` որ թշնամին իրիկունով կը մտնէ ու կը կործանէ։

«Այգին պատկերն է մեր իւրաքանչիւրի կեանքին ուր չարն ու բարին իրար դէմ կը պայքարին» ըսաւ Քահանայապետը նշելով` որ Տէրը մեր մէջ ցանեց բարի սերմ մը, բայց թշնամին կու գայ ու մեզ կը կործանէ։ Ասիկա ամենօրեայ պայքարն է։ Ան որ չի պայքարիր քրիստոնեայ չէ, մէկ մը որ փորձութիւններու չենթարկուիր քրիստոնեայ չէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով` որ «բոլորս ալ մեղաւորներ ենք, բայց յառաջ ընթանալու համար պէտք է պայքարինք սատանային դէմ որ կ՛ուզէ մուտք գործել մեր կեանքին մէջ։

Ան ապա յիշելով Միքայէլ Հրեշտակապետը հրաւիրեց ուշադիր ըլլալ ու հսկել որպէսզի թշնամին մեր այգին չի կործանէ։

Ան ապա ակնարկեց մշակներու առակին որոնք կը տիրանան իրենց յանձնուած այգիին դիտել տալով որ ասիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ երբ սատանաn կ՛ուզէ բանի մը տիրանալ զայն կը կործանէ եւ ասկէ մեկնալով նկատել տուաւ որ` «Պատերազմ մը, որ կ՛ուզէ ոչնչացնել ամէն ինչ, կեղտոտ պատերազմ է և սատանան կը փորձէ յաղթել՝ ոչնչացնելով: Բայց Սուրբ Միքայէլը, մեզի կ՛օգնէ որպէսզի զայն հեռացնենք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2023, 19:45