Հայր Ճորտանօ Փիչինոթթին նշանակուեցաւ Առաքելական Աթոռի կալուածներու վարչութեան նախագահ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ Առաքելական Աթոռի Կալուածներուն վարչութեան նոր նախագահ նշանակեց Հայ Փիչինոթթի փոխարինելով Գերապայծառ Նունցիօ Կալաթինոն, որ տարիքին բերումով աւարտեց հնգամեայ պաշտօնավարութիւնը։
48 ամեայ Իտալացի եւ Սալեզեաններու միաբանութեան անդամ հայր Փիչինոթթին մինչեւ այսօր վարած է Առաքելական Աթոռի կալուածներուն ենթաքարտուղարի պաշտօնը։
«Իմ հնգամեայ պաշտօնավարութեանս աւարտին, Աստուծոյ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ապրած փորձառութեանս համար որպէս մատակարար առաքելական Աթոռի կալուածներուն վարչութեան։ Ինծի հանդէպ դրսեւորուած մշտական վստահութիւնը եւ բոլոր համագործակիցներուն ամբողջական նուիրումը թոյլ տուին աւարտին հասցնելու ինծի վստահուած առաքելութիւնը, Իտալիոյ եպիսկոպոսցաց համահաւաք դասի, հնգամեայ քարտուղարի պաշտօնավարութենէն ետք» ըսաւ Գերապայծառ Կալանթինօ «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին աւելցնելով «ուրախ եմ որ Առաքելական կալուածներուն վարչութեան աշխատանքներն ու առաքելութիւնը զարգացնելու համար ֆրանչիսկոս Պապ ընտրեց անձ, որ մեծ սէր ունի եկեղեցւոյ հանդէպ։ Հայր Փիչինոթթին շատ լաւ ծանօթէ ըլլայ վարչութեան իրականութեան, ըլլայ անձերուն ինչ, որ շատ դրական է բոլորիս համար», ըսաւ գերապայծառ Կալանթինօ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ