Որոնել

2023.10.25 Udienza Generale

Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց Պաղեստինի եւ Իսրայելի համար խաղաղութեան կոչը

«Կը շարունակեմ աղօթել անոնց համար` որ կը տառապին, յոյս ունենալ խաղաղութեան արահետներու վրայ, Միջին Արեւելքի, մարտիրոս Ուքրանիոյ եւ պատերազմէ վիրաւոր այլ տարածաշրջաններուն մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 25 հոկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք տարբեր վայրերէն ժամանած ունկնդրութեան մասնակցող հազարաւոր ուխտաւորները իտալերէն լեզուով արտասանած խօսքին սկիզբը նշեց թէ ինք յարատեւ կը մտածէ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ ծանր իրավիճակի մասին ու ասկէ մեկնելով քաջալերեց պատանդներու ազատ արձակումը եւ մարդասիրական օգնութիւններու Կազա մուտք գործելը։

«Կը շարունակեմ աղօթել անոնց համար` որ կը տառապին, յոյս ունենալ խաղաղութեան արահետներու վրայ, Միջին Արեւելքի, մարտիրոս Ուքրանիոյ եւ պատերազմէ վիրաւոր այլ տարածաշրջաններուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշեցնելով նաեւ որ «միւս օրը` ուրբաթ 27 հոկտեմբերին, պիտի ապրինք ծոմապահութեան, ապաշխարութեան եւ աղօթքի օր մը։ Ժամը վեցին պիտի համախմբուինք Սուրբ Պետրոսի մէջ աղօթելու եւ աշխարհին համար աղերսելու խաղաղութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2023, 10:10