Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN/CEASEFIRE

Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւնն ու կոչը Արցախի տեղահաններուն համար ու կրօնական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ի նպաստ

Կ՛ուզեմ յատուկ կոչ մը ուղղել տարածաշրջանի մէջ Վանքերու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութեան ի նպաստ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով, որ «սկսեալ Իշխանութիւններէն ու բոլոր բնակիչներէն, անոնք (վանքերը եւ աղօթատեղիները) յարգուին եւ պաշտպանուին, որպէս մշակոյթի մաս, տեղական մշակոյթի մաս, հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, որ կարելի կը դարձնէ տարբերութիւններուն մէջ միասին ապրիլը», յարեց Սրբազան Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 հոկտեմբեր 2023ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած 22  հազար ուխտաւորներուն, նախ իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտեց Իսրայէլի ու մասնաւորապէս Կազայի մէջ պատահածին համար, մտահոգութիւնըարտայայտելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան համար։

«Աւելիով պակաս չէ  մտահոգութիւնս, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար։ Տեղահաններու մարդասիրական իրավիճակէն անդին, - որ արդեն խիստ ծանր է – կ՛ուզեմ յատուկ կոչ մը ուղղել տարածաշրջանի մէջ Վանքերու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութեան ի սպաս», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով, որ «սկսեալ Իշխանութիւններէն ու բոլոր բնակիչներէն, անոնք (վանքերը եւ աղօթատեղիները) յարգուին եւ պաշտպանուին, որպէս մշակոյթի մաս, տեղական մշակոյթի մաս, հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, որ կարելի կը դարձնէ տարբերութիւններուն մէջ միասին ապրիլը», յարեց Սրբազան Պապը։

Ան ապա ակնարկեց «C’est la confiance» վերտառութեամբ այսօր հրատարակուած առաքելական յորդորագիրին, նուիրուած Մանուկ Յիսուսի եւ Սուրբ Դէմքի Սրբուհի Թերեզային։

«Արդարեւ այնպէս ինչպէս վկայեց այս մեծ Սրբուհին ու Եկեղեցւոյ Վարդապետը` Աստուծոյ ողորմած սիրոյ հանդէպ վստահութիւնն է այն ճանապարհը, որ մեզ կը տանի դէպի Տիրոջ սիրտը և անոր Աւետարանը», ըսաւ Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը խնդրելով նաեւ` որ չի մոռցուի Ուքրանիան։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2023, 12:33