Որոնել

Pope Francis leads the Angelus prayer at the Vatican

«Ահաբեկչութիւնն ու պատերազմը ոչ մէկ լուծումի կը յանգին... Թող դադրին զէնքերը». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Պատերազմը պարտութիւն է. իւրաքանչիւր պատերազմ պարտութիւն է: Աղօթենք Իսրայէլի և Պաղեստինի խաղաղութեան համար» կոչ ուղղեց Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ «հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին, որ առաքելութենէն անդին նուիրուած է նաեւ Վարդարանի աղօթքին, չյոգնինք Մարիամի Բարեխօսութեամբ, հայցելու խաղաղութեան պարգեւը, աշխարհի բազմաթիւ Երկիներու համար, որոնք նշանաւորուած են պատերազմներով և հակամարտութիւններով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 8 Հոկտեմբեր 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները նախ ակնարկեց Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած բուռն հակամարտութեան։

«Ցաւով եւ մտահոգութեան կը հետեւիմ Իսրայէլի մէջ պատահածին, ուր բռնութիւնը պայթեցաւ աւելի կատաղի կերպով, պատճառելով հարիւրաւոր մահեր եւ վիրաւորներ» ըսաւ Սրբազան Պապը մօտիկութիւն արտայայտելով զոհերու ընտանիքներուն, ու աղօթելով անոնց համար ու «բոլոր անոնց` որոնք կ՛ապրին անձկութեան ու սարսափի պահեր», յարեց Քահանայապետը կոչ ուղղելով որ «դադրին զէնքերը եւ յարձակումները» ու գիտակցիլ` թէ «ահաբեկչութիւնն ու պատերազմը ոչ մէկ լուծումի կը տանին, այլ միայն մահուան ու բազմաթիւ անմեղներու տառապանքին»։

«Պատերազմը պարտութիւն է. իւրաքանչիւր պատերազմ պարտութիւն է: Աղօթենք Իսրայէլի և Պաղեստինի խաղաղութեան համար» կոչ ուղղեց Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ «հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին, որ առաքելութենէն անդին նուիրուած է նաեւ Վարդարանի աղօթքին, չյոգնինք Մարիամի Բարեխօսութեամբ, հայցելու խաղաղութեան պարգեւը, աշխարհի բազմաթիւ Երկիներու համար, որոնք նշանաւորուած են պատերազմներով և հակամարտութիւններով ու շարունակենք յիշել սիրելի Ուքրանիան» յարեց Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք կը հետեւին ու յատուկէն աղօթքով կ՛ընկերանան սիւնհոդոսի աշխատանքներուն հրաւիրելով այդ աշխատանքները նուիրելու Սուրբ Հոգիի հովանիին։

Սրբազան Պապը ողջունելէ ետք ուխտաւորներու տարբեր խումբերը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով` որ չմոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2023, 12:47