Որոնել

Pope Francis' Angelus prayer

Սիրոյ մեծ պատուիրանը` առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան

«Աստուծոյ սէրը ու մերձաւորին սէրը իրարմէ անբաժան են» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց խորհրդածել այս երկու սէրերու վրայ դիտել տալով, որ «մանուկ մը սիրել կը սորվի մօր ու հօր ծունկերուն վրայ ու թէ մենք այդ մէկը կ՛ընենք Աստուծոյ բազուկներուն մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 29 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորած Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքի ընթացքին ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը զայն կեդրոնացնելով Յիսուսին խօսքերուն վրայ ու յատկապէս անոր մեզի թողած ամենամեծ պատուիրանին վրայ` «Պիտի սիրես Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ, եւ բոլոր մտքովդ։ Այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Երկրորդն ալ նոյնքան կարեւոր է. Պիտի սիրես քու ընկերդ քու անձիդ պէս (Մատթ. 22,37-39)։

Աստուծոյ սէրը ու մերձաւորին սէրը իրարմէ անբաժան են

«Աստուծոյ սէրը ու մերձաւորին սէրը իրարմէ անբաժան են» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց խորհրդածել այս երկու սէրերու վրայ դիտել տալով, որ «մանուկ մը սիրել կը սորվի մօր ու հօր ծունկերուն վրայ ու թէ մենք այդ մէկը կ՛ընենք Աստուծոյ բազուկներուն մէջ», ուր մենք կը կլանենք այն ջերմութիւնն ու սէրը, որը մեր կարգին կը սորվինք նուիրել։ Այնտեղ մենք կը հանդիպինք սիրոյ որ մեզ կը մղէ մենք մեզ վեհանձնութեամբ նուիրելու մեր եղբայրներուն» յարեց Քահանայապետը դիտել տալով, որ միայն Քրիստոսին հանդիպելով ու անոր սիրոյն մենք մեզ յանձնելով է որ մենք  կարող կը դառնանք մենք մեզ նուիրելու։

Սրտերը բանալ Տիրոջ առջեւ

«Երկրորդ պատուիրանին մէջ  Աստուծոյ սէրը կապուած է մերձաւորի սիրոյն» յարեց Քահանայապետը բացատրելով` որ «այս կը նշանակէ, թէ մենք մեր եղբայրները սիրելով, հայելիի նման  կ՛արտացոլանք Հօր սէրը` կը սիրենք զԱյն որ չենք տեսներ, մեր տեսած եղբայրներու ընդմէջէն» նշեց Սրբազան Պապը ակնարկելով Կալկաթայի Սրբուհի Թերեզայի խօսքին` որ իրեն հարց ուղղած լրագրողի մը պատասխանելով ան ըսած էր` թէ «ինք երբեք չէ ուզած փոխել աշխարհը այլ ջանացած է ըլլալ միայն բիւրեղ ջուրի կաթիլ մը, որուն մէջ փայլի Աստուծոյ սէրը»։

Արտացոլացնել Հօր սէրը

«Մտածենք այդ փոքրիկ կաթիլին` սէրը փոքր կաթիլ է որ կարող է շատ բաներ ընել» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով միշտ կատարել առաջին քայլը։ Ան ապա նախ քան խորհրդածութիւնը եզրափակելը հրաւիրեց մի քանի հարցումներ ուղղել մենք մեզի մտաբերելով Աստուծոյ սէրը, որ միշտ մեզ կը կանխէ։ Հարց տանք երախտապարտ ենք Տիրոջ, որ առաջինն է որ զիս կը սիրէ։ Եթէ կը ջանամ անոր սէրը արտացոլացնել, եթէ յանձնառու եմ սիրելու եղբայրներս։

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի թող օգնէ առօրեային մէջ ապրելու սիրոյ մեծ պատուիրանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2023, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >