Որոնել

Որու՞ դիմանկարը կը կրենք մեր սրտին մէջ` Կեսարինը կամ Աստուծոյ. Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Կեսարին կը պատկանին այս աշխարհին բաները բայց մարդը եւ նոյնինքն աշխարհը կը պատկանին Աստուծոյ` չի մոռնանք այս մէկը» ըսաւ ապա Քահանայապետը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 Հոկտեմբեր 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին վրայ որ քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն։

«Այսօրուայ ծիսական Աւետարանը մեզ կ՛ըսէ` որ որոշ փարիսեցիներ կը միանան Հերովդէսեաններուն, որպէսզի թակարդ լարեն Յիսուսին» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։

Կեսարին տալ կեսարինը եւ Աստուծոյ Աստուծունը

Անոնք Անոր մօտ կ՛երթան և Անոր կը հարցնեն. «Արտօնուա՞ծ է թէ չէ տուրք վճարել կեսարին (Մատթ. 22,17)։ Եթէ Յիսուսը օրինականացնէր հարկը, ան կանգնած պիտի ըլլար քաղաքական ուժի կողքին, որ վատ հանդուրժուած էր ժողովուրդի կողմէ, մինչդեռ եթէ ըսէր` որ պէտք չէ վճարուի, կարող էր մեղադրուիլ կայսրութեան դէմ ապստամբութեան համար: Այնուամենայնիւ, ան փախուստ կու տայ թակարդէն եւ կը խնդրէ, որ իրեն ցոյց տան մետաղադրամ մը, որուն վրայ պատկերուած է Կեսարի պատկերը, և անոնց կ՛ըսէ.«Ուրեմն կայսրին տուէք այն ինչ` որ կայսրին է, իսկ Աստուծոյ՝ այն ինչ որ Աստուծոյ է»։ «Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա» հարց տուաւ Քահանայապետը։

Հաւատքը չբաժնել առօրեայ իրականութենէն

«Յիսուսին այս խօսքերը շատ անգամ օգտագործուած են սխալ ձեւով, խօսելու համար Պետութիւն - Եկեղեցի յարաբերութիւններու մասին, քրիստոնեաներու եւ քաղաքականութեան միջեւ կապերու մասին ու յաճախ հասկցուած են այնպէս` թէ Յիսուս կ՛ուզէր «Կեսարը» բաժնել «Աստուծմէ», այսինքն երկրային իրականութիւնը եւ հոգեւոր իրականութիւնը»... նկատել տուաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով` որ «Մենք ալ շատ անգամ նոյնը կը մտածենք` բաժնելով հաւատքը առօրեայի իրականութիւններէն` կարծես այնպէս ըլլար, որ հաւատքը ոչ մէկ կապ ունենար գործնական կեանքին հետ, ընկերութեան առջեւ կայացած մարտահրաւէրներուն հետ, ընկերային արդարութեան հետ, քաղաքականութեան ու այլ բաներու հետ»։

«Իրականութեան մէջ Յիսուս կ՛ուզէ մեզի օգնել, որպէսզի Կեսարն ու Աստուածը դնենք իրենց կարեւորութեան մէջ։ Կեսարին` այսինքն քաղաքականութեան, քաղաքացիական իշխանութիւններուն, սոցիալական եւ տնտեսական համակարգերուն, կը պատկանի երկրային կարգի հոգատարութիւնը ու մենք պէտք է, որ ընկերութեան վերադարձնենք այն ինչ, որ մեզի կը նուիրէ, մեր պատասխանատու քաղաքացիներու սատարին միջոցաւ, ուշադիր ըլլալով այն բաներուն, որոնք մեզի վստահուած են, խթանելով աշխատանքի աշխարհին մէջ իրաւունքն ու արդարութիւնը, յանձնառու ըլլալով ի նպաստ հասարակաց բարիքին» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Մարդը Աստուծոյ կը պատկանի ոչ աշխարհին

«Միեւնոյն ատեն սակայն Յիսուս կը հաստատէ հիմնական իրականութիւն մը, թէ մարդը կը պատկանի Աստուծոյ եւ այս մէկը կը նշանակէ, թէ մենք չենք պատկանիր երկրային իրականութեան, այս աշխարհի ոչ մէկ Կեսարի» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով `որ «Կեսարին կը պատկանին այս աշխարհին բաները բայց մարդը եւ նոյնինքն աշխարհը կը պատկանին Աստուծոյ` չի մոռնանք այս մէկը»  յարեց Ան  հրաւիրելով մենք մեզի հարցեր ուղղելու` թէ մեր սրտին ու կեանքին մէջ որու դիմանկարը կը կռենք ու եթէ կը յիշենք թէ մենք կը պատկանինք Տիրոջ։ Ան ապա խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով` որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի օգնէ ճանչնալու եւ յարգելու մեր ու իւրաքանչիւր մարդ արարածի արժանապատուութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2023, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >