Որոնել

2023.10.08 Angelus

Երախտագիտութիւնը դարձնենք սրտէն ծագած լոյս. Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը

Ապերախտութիւնը բռնութիւն կը ծնի, մինչդեռ պարզ «շնորհակալութիւնը» կարող է խաղաղութիւն բերել»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ ողբերգական առակ մը, որուն աւարտը տխուր է (Մատթ. 21,33-43)։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան, զոր ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն, կիրակի 8 հոկտեմբեր 2023ի կէսօրին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Այգիի տիրոջ եւ անիրաւ մշակներուն առակը

Նորին Սրբութիւնը առ այդ ներկայացուց առակը ըսելով. «Տանտէր մը այգի մը տնկեց ու ցանկով պատեց զանիկա եւ անոր մէջ հնձան փորեց ու աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։  Երբ պտուղի ժամանակը մօտեցաւ, իր ծառաները մշակներուն ղրկեց, որպէս զի անոր պտուղները առնեն։   Մշակները անոր ծառաները բռնեցին մէկը ծեծեցին, միւսը սպանեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին։ Նորէն ծառաներ ղրկեց առաջիններէն շատ եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին։ Վերջը իր որդին ղրկեց անոնց, ըսելով՝ ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ Բայց մշակները երբ տեսան որդին, իրարու ըսին. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպանենք ու անոր ժառանգութեանը տիրանանք»։

«Տանտէրը ամէն բան ըրաւ սիրով բայց մշակներու մտքին մէջ տեղ գտան անշնորհակալ ու ագահ մտքերը» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով թէ անոնք կը մտածէին որ, «Մեր աշխատանքին պտուղը միայն մերն է։ Մենք ոչ մէկուն հաշիւ պիտի տանք»։

Ապերախտութիւնը

«Բայց այս մէկը շիտակ չէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը, անոնք պէտք էին երախտապարտ ըլլալ իրենց ստացածին ու իրենց վերապահուած վերաբերմունքին համար։ Սակայն ապերախտութիւնը կը սնուցէ ժլատութիւնը եւ անոնց մէջ կ՛աճի ըմբոստութեան յառաջադէմ զգացումը, որ զանոնք կը ստիպէ իրականութիւնը խեղաթիւրուած տեսնել, զգալ, որ իրենք աւելի պարտատէր են քան պարտաւոր` տանտէրին,  որ անոնց գործ տուած էր։ Անոնք մշակներ ըլլալէն կը դադրին ու կը դառնան մարդասպաններ»։ «Գործընթաց մըն է այս որ յաճախ կը պատահի մարդոց սրտին մէջ ու նաեւ մեր սրտին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը։

Բարին կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն

Ան ապա շարունակեց. «Այս առակով Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ, թէ ի՞նչ կը պատահի երբ մարդը ինքնախաբ կ՛ըլլայ եւ կը մոռնայ երախտագիտութիւնը, կը մոռնայ կեանքին հիմնական իրականութիւնը` թէ բարին կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն, անոր ձրի պարգեւէն։ Երբ մոռնանք այս մէկը, մեր իրավիճակը եւ սահմանափակումները կ՛ապրինք այլեւս ոչ թէ սիրուած ու փրկուած ըլլալու զգացումով այլ այն տխուր պատրանքով` որ պէտք չունինք ոչ սիրոյ եւ ոչ ալ փրկութեան»։

Մենք կը դադարինք թոյլ տալու, որ մեզ սիրեն և մենք մեզ կը գտնենք ստրուկ` մեր սեփական ագահութեան, ուրիշներէն բան մը աւելին ունենալու անհրաժեշտութեան, ուրիշներու վրայ գերակայելու ցանկութեան: Այստեղէն է` որ կը բխին բազմաթիւ դժգոհութիւններ ու մեղադրանք, այդքան թիւրիմացութիւն ու նախանձ, եւ, վրդովմունքէն դրդուած, անխուսափելի կը դառնայ` իյնալ բռնութեան յորձանուտը։

Շնորհակալութիւն բառը

«Այո՛, սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, ապերախտութիւնը բռնութիւն կը յառաջցնէ, մեզմէ կը խլէ խաղաղութիւնը, մինչդեռ պարզ «շնորհակալութիւնը» կարող է խաղաղութիւն բերել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարցեր տալու. «Ես կ՛անդրադառնա՞մ որ` որպէս պարգեւ ստացած եմ կեանքն ու հաւատքը ու թէ նոյնինքն ես պարգեւ եմ։ Կը հաւատա՞մ, որ ամեն ինչ կը սկսի Տիրոջ շնորհքով: Կը հասկնա՞մ, որ ես անարժան շահառու եմ, սիրուած և անհատոյց կերպով փրկուած: Եւ ամենէն առաջ՝ ի պատասխան շնորհքի, գիտե՞մ «շնորհակալութիւն» ըսել։

«Անիկա փոքրիկ բառ մըն է, որուն կը պասեն ամէն օր Աստուած ու մեր եղբայրները։ Մենք մեզի հարց տանք` այս փոքր բառը՝ «շնորհակալութիւն», առկա՞յ է մեր կեանքին մէջ»։ Ես գիտեմ այս բառը արտասանել, ես գիտեմ համակեցութեան երեք բառերը ըսել. Ներողութիւն, եթէ կը բարեհաճիս, շնորհակալութիւն բառերը», յարեց Նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը` «որուն անձը կը փառաբանէ Տէրը, որպէսզի երախտագիտութիւնը դարձնենք լոյս` որ ամէն օր կը ծագի սրտէն» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2023, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >