Որոնել

Լիպիոյ մէջ ջրհեղեղի աւերները Լիպիոյ մէջ ջրհեղեղի աւերները 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Լիպիոյ եւ Մարոքի մէջ ողբերգութիւններուն համար

հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ երկու երկիրներու մէջ բնական աղէտներու թիրախ ժողովուրդները։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ներկայացուցած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Հիւսիսային Ափրիկէի երկու երկիրներու մէջ բնակական աղէտներու թիրախ ժողովուրդները։ Սբրազան հայրը նախ յիշեց Լիպիոյ մէջ տեղատարափ անձրեւներէ տուժածյ ժողովուրդը խնդրելով աղօթել զոհերուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու տեղահանուածներու համար։

Աղօթել Երկրաշարժի թիրախ Մարոքի ժողովուրդին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց անցեալ 8 սեպտեմբերին, երկրաշարժի թիրախ «Մարոքի ազնիւ ժողովուրդը» հրաւիրելով աղօթել Մարոքի ժողովուրդին համար Հայցելով Տիրոջմէ, որ ուժ ներշնչէ Մարոքի ժողովուրդին, այդ աղէտէն ետք ուժերը վերագտնելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Ուքրանիան

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց նաեւ աղօթել աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար, յատուկէն «Մարտիրոսացած» Ուքրանիոյ համար։ «Եկէ՛ք չմնանք հանդիսատեսներ, այլ շօշափելի կերպով նուիրուինք աւելի արդար, խաղաղ աշխարհի մը համար՝ իւրաքանչիւր անձ իր ուժերու եւ կարողութեան համաձայն», ըսաւ Սրբազան Հայրը Գերմանացի հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունելով Լեհ ուխտաւորները յիշեց Արք, Ատամ Սզալ արքեպիսկոպոսը, որ պատուիրակութեամբ մը Հռոմ եկած ու բերած է նոր երանելիներ ու մարտիրոսներ հռչակուած Ճուզէփփէ, Վիքթորիա Ուլմային ու անոնց եօթը զաւակներուն մասունքները։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ այս երանելիներուն ընտանիքը, բոլոր լեհ ընտանիքներուն համար ըլլայ Յիսուսի Սիրտի նուիրուածութեան օրինակ, «որուն պատկերը օրհնեցի, Ձեր թեմերը ուխտագնացութեամբ տանելու համար»։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ինչպէս միշտ յիշելով երիտասարդները, հիւանդները, տարեցները, նորապսակները նշեց, թէ վաղը եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Խաչվերացի տօնը հրաւիրելով չյոգնելու հաւատարիմ ըլլալէ Քրիստոսի խաչին՝ Փրկութեան եւ սիրոյ նշանը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2023, 11:29