Մոնկոլիայի փոքրիկ հօտէն դաս մը Սիւնհոդոսին. Անտրէա Թորնիելլիի խմբագրականը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետը աւարտեց Մոնկոլիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը` որ պատմականօրէն եղաւ Քահանայապետի մը առաջին այցը այդ Երկիր, ուր երեք ու կէս միլիոն բնակչութեան վրայ միայն 1500ը կը դաւանի Կաթողիկէ հաւատքը։
Վերադարձի ճանապարհին վրայ Քահանայապետը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին այցելութիւնը համարեց յաջող հրաւիրելով դաս գաղել այդ փոքր հասարակութիւն համարուած` «փոքրիկ հօտէն» եւ ճիշտ ասոր վրայ հիմնուելով Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսուչութեան Խմբագրական կազմի տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլի հրատարակեց խմբագրական մը` որուն մէջ անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ 2 սեպտեմբերին Ուլաանպաթորի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին տեղական հովուական ծառայութեամբ զբաղող կղերականներուն ու աշխարհականներու հետ ունեցած հանդիպումի մասին, ու այդ հանդիպումի ժամանակ Rufina Chamingerel անունով տիկնոջ խօսքերուն` որ ըսած էր. «Չեմ գիտեր մեր լեզուով թարգմանել «հասարակութիւն» բառը...մեր եկեղեցին կը գտնուի այնպիսի հանգրուանի մէջ, որ նման է մանուկներուն, որոնք յարատեւ հարցումներ կ՛ուղղեն իրենց ծնողքներուն...մենք բախտաւոր ենք որովհետեւ քրիստոնէականի շատ գիրքեր չունինք մեր լեզուով, բայց ունինք բազմաթիւ միսիոնարներ, որոնք կենդանի գիրքեր են։ Պիտի ուզէի ընդգծել Սիւնհոդոսականութեան մասին սիւնհոդոսի արդիւնաւէտութիւնը։ Սինոդի ժամանակ մեր հաւատացեալները, ու մասնաւորապէս հովուական ծառայութեամբ զբաղողները, կարողացան աւելի լաւ հասկնալ Եկեղեցւոյ բնութիւնը եւ աւելի ամբողջական տեսլական ունեցան ժողովրդապետութիւններուն նկատմամբ»։
Այս խօսքերէն մեկնելով Թոռնիելլին կը հաստատէ թէ Մոնկոլիայի տափաստաններու կաթողիկէ փոքրիկ հօտէն մեզի կը հասնի սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին հայող նշում մը` անոնք սիւնհոդոսը ապրելով է որ կարողացան աւելի լաւ հասկնալ Եկեղեցւոյ բնութիւնը։
«Ռուֆինայէն ետքը Քահանայապետը Մոնկոլիայի Կաթողիկէներուն ուղղած խօսքերուն մէջ ուզեց ընդգծել «հաղորդութիւն» բառին նշանակութիւնը» կը գրէ ապա Թոռնիելլին աւելցնելով, որ «Սրբազան Պապը բացատրեց թէ «Եկեղեցին կարելի չէ հասկանալ զուտ գործառական չափանիշի հիման վրայ» որովհետեւ «Եկեղեցին գործառական ընկերութիւն չէ...»։ Եւ «Հաղորդութիւն» բառն է, որ լաւապէս կը բացատրէ թէ ի՞նչ է Եկեղեցին. «Եկեղեցւոյ այս մարմնին մէջ եպիսկոպոսը տարբեր բաղադրիչներու համադրողը չէ, այլ հոգևոր սկզբունքի ուժով, որով Յիսուս ներկայ կ՛ըլլայ Եպիսկոպոսի անձին մէջ, կ՛ ապահովէ Անոր խորհրդաւոր Մարմնի մէջ հաղորդութիւնը»
Ֆրանչիսկոս Պապը բազմիցս բացատրած է, որ մեծամասնութիւններու և փոքրամասնութիւններու դեմոկրատական խաղի սկզբունքը կարելի չէ կիրառել Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ու թէ այս մէկը չի յարգեր անոր էութիւնը։ Մոնկոլիայի մայրաքաղաքին մէջ Քահանայապետը հաստատեց. «Եկեղեցւոյ միասնութիւնը կարգի և յարգանքի խնդիր չէ, ոչ ալ «խումբ մը դառնալու» լաւ ռազմավարութիւն։ Անիկա Տիրոջ հանդէպ հաւատքի և սիրոյ հարց է, Անոր հանդէպ հաւատարմութիւն է, ուստի կարևոր է, որ բոլոր եկեղեցական բաղադրիչները միաւորուին Եպիսկոպոսին շուրջ, որ կը ներկայացնէ կենդանի Քրիստոսը իր ժողովրդին մէջ՝ կառուցելով սիւնհոդոսական հաղորդութիւնը, որ` արդեն իսկ հռչակագիր է, և որ մեծապէս կ՛ օգնէ արմատաւորելու հաւատքը»:
«Սիւնհոդոսը արդեն սեմին վրայ է ու առիթ է փորձարկելու եւ աճելու այն գիտակցութեան մէջ, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի ապրիլ եկեղեցական հաղորդութիւնը, ոչ թէ աշխարհի տրամաբանութեան համաձայն, ոչ թէ նախածրագրուած անհատական կամ խմբային օրակարգերու հիման վրայ, այլ բացայայտելով հաղորդութիւնը` աղօթքի ու իրար փոխադարձ ունկնդրութեան մէջ, թոյլ տալով առաջնորդուիլ Սուր Հոգիէն», կը գրէ հուսկ Անտրէա Թոռնիելլին իր խմբագրականին մէջ մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Պապին այլ մէկ միջամտութեան` անցեալ 26 օգոստոսին, երբ ընդունելով “è giornalismo” մրցանակը ի միջի այլոց հաստատած էր «Միասին քալել։ Միասնաբար մենք մեզ հարցաքննել։ Միասին յանձն առնել հասարակական զատորոշումի ուղի, որ մեզի համար աղօթք է, այնպէս ինչպէս ըրին առաջին Առաքեալները. Ասիկա է սիւնհոդոսականութիւնը, որ մենք կ՛ուզենք դարձնել առօրեայի սովորութիւն իր բոլոր արտայայտութիւններով։ Եւ ճիշտ ասոր համար, մէկ ամիսէն, համայն աշխարհի եպիսկոպոսներն ու աշխարականները պիտի հաւաքուին այստեղ` Հռոմի մէջ, սիւնհոդոսականութեան մասին Սիւնհոդոսին առիթով` ունկնդրելու միասին, զատորոշելու միասին ու աղօթելու միասին»։
«Ասիայի սրտէն Մոնկոլիայէն, Հռոմէն քիլոմեթրերով այնքան հեռու, բայց Ֆրանչիսկոս Պապի սրտին այնքան մօտ գտնուող նորածին եկեղեցիէն, դաս մը կու գայ սիւնհոդոսական հայրերուն և մայրերուն, որոնք մի քանի օրէն պիտի հաւաքուին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին շուրջը` աղօթելու, զիրար ունկնդրելու, միասին հասկանալու, թէ ինչպէս հռչակել Աւետարանը մեր ժամանակի մարդոց ու կիներուն» կը նշէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսուչութեան Խմբագրական կազմի տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլի իր խմբագրականին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ