Որոնել

Քարաքոշի մէջ հրդեհ Քարաքոշի մէջ հրդեհ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Քարաքոշի մէջ բռնկուած հրդեհի թիրախ անձերուն համար

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ցաւակցագիրը Մոսուլի Ասորիներու եպիսկոպոսին։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 29 սեպտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունող ցաւակցական հեռագիր յղեց Մոսուլի Ասորիներու արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Պենետեքթոս Եունան Հանոյին, Քարաքոշ շրջանին մէջ բռնկուած հրդեհի կապակցութեամբ։

Կարդինալ Փարոլին ցաւակցագիրին մէջ նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ տխրութեամբ իմացած է Քարաքոշ շրջանին մէջ բռնկուած հրդեհի հետեւանքներու լուրը ու Իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ՝ապահովուէ աղէտէն տուժած բոլոր անձերուն։

«Յանձնելով զոհերու հոգիները Ամենակալի ողորմածութեան, Ֆրանչիսկոս Պապ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ բոլոր ողբացողներուն։ Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը կ՝ապահովուէ վիրաւորներու ինչպէս նաեւ շտապ օգնութեան հասնող անձերուն գործունէութեան համար» գրեց Վատիկանի Պետական քարտուղարը

Ան ապա ցաւակցագիրը աւարտած է նշելով, որ Ֆրանչիկսկոս Պապ բոլորին վրայ կը հայցէ մխիթարութեան, առողջութեան եւ ուժի Աստուածային օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2023, 10:37