Որոնել

2019.03.14 esplosione nucleare, fuoco, distruzione

«Միջուկային զէնքի սպառնալիքի ներքոյ մենք բոլորս միշտ պարտուող ենք». Ֆրանչիսկոս Պապ

Միջուկային զէնքի ամբողջական վերացման միջազգային օր

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Միջուկային զէնքի ամբողջական վերացման միջազգային օրուան առիթով այսօր` երեքշաբթի 26 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց.

«Միջուկային զէնքի տիրանալը ինքնին անբարոյականութիւն է, որովհետեւ – ինչպէս նկատել կու տայ Յովհաննէս ԻԳ Pacem in terris-ի մէջ - «չէ կարելի բացառել, որ անկանխատեսելի իրադարձութիւն մը ի գործ դնէ պատերազմական մեքենան»։ Միջուկային զէնքի սպառնալիքի ներքոյ մենք բոլորս միշտ պարտուող ենք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2023, 13:30