Որոնել

LIBYA-WEATHER-FLOODS

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Լիպիայի մէջ ջրհեղեղներուն ի տես

Լիպիայի արևելքը գտնուող Ժապալ էլ Ախտար շրջանին մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղներու պատճառով 5-6 հազար մարդ անհետ կորած յայտարարուած են մինչ մինչեւ այժմ միայն Տերնա քաղաքին մէջ արձանագրուած զոհերու թիւը գերազանցած է երկու հազարը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի` 12 սեպտեմբեր 2023ին,  Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հեռագիր մը յղեց  յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին,  Լիպիայի մէջ առաքելական նուիրակ` Գերապայծառ Սավիօ Հոն Թայ-Ֆային, որուն մէջ նշուած է. «Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը խոր վիշտով իմացաւ Լիպիայի Արեւելեան շրջանի մէջ ջրհեղեղներու պատճառած` կեանքի հսկայական կորուստներու և աւերներուն լուրը եւ աղօթքներ կ՛ ապահովեցնէ զոհերուն հոգւոյն հանգստեան ու բոլոր անոնց` որոնք կ՛ողբան անոնց մահը»։ 

«Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր խոր մօտիկութիւն կ՛արտայայտէ նաեւ վիրաւորներուն ու անոնց` որոնք մտահոգ են իրենց անհետ կորած հարազատներուն ճակատագիրով, ինչպէս նաեւ շտապ օգնութիւն եւ հոգատարութիւն մատուցող անձնակազմին» կը կարդանք միշտ հեռագիրին մէջ ուր նշուած է նաեւ թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը այս ողբերգութեան թիրախ բոլոր զոհերուն վրայ կը հայցէ մխիթարութեան, ուժի եւ հաստատակամութեան  Աստուածային օրհնութիւններ»։ 

Յայտնենք, որ Լիպիայի արևելքը գտնուող Ժապալ էլ Ախտար շրջանին  մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղներու պատճառով 5-6 հազար մարդ անհետ կորած յայտարարուած են մինչ մինչեւ այժմ միայն Տերնա քաղաքին մէջ արձանագրուած զոհերու թիւը գերազանցած է երկու հազարը:

Լիպիական հաղորդամիջոցները յայտնած են, որ սեպտեմբերի 10-ին «Տանիել» ցիկլոնի յառաջացուցած յորդառատ անձրևներուն պատճառով հեղեղումներ և ջրհեղեղներ գրանցուած են Լիպիայի արևելեան շարք մը քաղաքներուն և բնակավայրերուն մէջ պատճառելով բազմաթիւ մարդկային կորուստներ եւ աւերներ։ Յորդառատ անձրևներու պատճառով տարածաշրջանին մէջ փակուած են նաեւ օդանկայաններն ու նաւահանգիստները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 13:37