Որոնել

MOROCCO-QUAKE

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւն ու մօտիկութեան արտայայտութիւնը Մարոքի մէջ

«Սրբազան Քահանայապետը Ամենաբարձրեալին աղօթք կը բարձրացնէ, որպէսզի թիկունք կանգնի Մարոքցիներուն իրենց այս փորձանքի ժամանակ ու կը քաջալերէ քաղաքացիական իշխանութիւններն ու շտապ օգնութիւն մատուցողները, բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները որպէս մխիթարութեան երաշխիք»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարոքի մէջ զօրեղ երկրաշարժին ի լուր Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր աղօթարար մօտիկութիւնը արտայայտեց ու զօրակցութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որոնք տուժեցին երկրաշարժէն։

«Քահանայապետը կ՛աղօթէ զոհուածներուն համար, վիրաւորներու ապաքինումին համար, եւ իրենց հարազատներու եւ բնակարանի կորուստին համար լացողներուն» գրած է Կարդինալ Փարոլինը, աւելցնելով նաեւ, որ «Սրբազան Քահանայապետը Ամենաբարձրեալին աղօթք կը բարձրացնէ, որպէսզի թիկունք կանգնի Մարոքցիներուն իրենց այս փորձանքի ժամանակ ու կը քաջալերէ քաղաքացիական իշխանութիւններն ու շտապ օգնութիւն մատուցողները, բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները որպէս մխիթարութեան երաշխիք»։

Յայտնենք` որ երկրաշարժի առաջին զօրաւոր ցնցումը արձանագրուեցաւ ուրբաթ` 8 սեպտեմբերի գիշերուան 11:11 անց Մարաքէշի «Tata N'Yaaqoub» գիւղին մօտ։ Զոհերու թիւը ժամէ ժամ կ՛աճի եւ մինչեւ այժմ հասած է 820ի մինչ վիրաւորներուն թիւը առ այժմ հասած է 672 որոնցմէ 205 ծանր վիճակի մէջ։ Ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու Մարոքի մէջ եղած այս երկրաշարժը համարուած է անցնող 100 տարիներուն ամենասաստիկը։

Ի լուր երկրաշարժին բազմաթիւ եղան աշխարհի տարբեր երկիրներէն դրսեւորուած զօրակցութեան արտայայտութիւնները։ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւս Քարիթասի միջոցաւ որոշեց 300 հազար եւրոյի գումար յատկացնել որպէս զօրակցական անմիջական օգնութիւն, յատկապէս ուղղուած դիւրաբեկ անձերուն յատկացուած ծրագիրներուն։

Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին այս առիթով հրատարակած պատգամի մը մէջ ցաւ արտայայտելով պատահածին համար իր մօտիկութիւնը արտայայտած է Մարոքի բնակչութեան աղօթք ապահովեցնելով զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2023, 13:26