Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ «Փրիմավալլէ» ժողովրդապետութեան մի քան քահանաներու հետ

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի արուարձանները գտնուող Primavalle շրջանի ժողովրդապետութիւնը ուր հանդիպում ունեցաւ կարգ մը ժողովրդապետներուն հետ,։Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւնը մը տեղեկացուց, թէ Հինգշաբթի, 28 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելած է Հռոմի արուարձանները գտնուող ժողովրդապետութիւն մը։

«Հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին, ժամը 4ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Primavalle շրջանին Santa Maria della Salute ժողովրդապետութիւնը, ուր դիմաւորուեցաւ Հռոմի Թեմի փոխանորդ գերապայծառ Պալտօ Ռէյնա ժողովրդապետի եւ փոխ ժողովրդապետութեան կողմէ։ Նորին Սրբութիւն հանդիպում ունեցաւ աւելի քան 35 քահանաներուն կողմէ, որուն աւարտին ժամը 6ին, վերադարձաւ Վատիկան»։

Հռոմի թեմի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը տեղեկացուի, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանաներուն հետ հանդիպումը տեղի ունեցած է եղբայրական մթնոլորտէն ներս, ու քննարկումի նիւթ եղած է Հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրներուն եւ տարածքի վերաբերող խնդիրները։

Ֆրանչիսկոս Պապ որոշած է սոյն ժողովրդապետութիւնը այցելել, որովհետեւ վերջերս այդ վայրին մէջ տեղի ունեցած է լուրջ երկու խնդիրներ։ Անցեալ ամիսներուն սպաննուած են երկու անձեր, Միշլ Մարիա Քաուսօ եւ Ռոսելլա Նափփինի։ 17 ամեայ Մէշէլ Մարիան անցեալ ամիս դանակահարուած է իր ընկերոջ կողմէ, մինչ Ռոսէլլա Նափփինին 52 ամեայ, դանակահարուած է իր ընկերոջ կողմէ Primavalle շրջանին շէնքին մը մէջ, նշուած է Հռոմի թեմի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2023, 09:58