Որոնել

Աղքատի մը լուսանկար Աղքատի մը լուսանկար  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը. «Կլիմայի փոփոխութեան եւ աղքատութեան մարտահրաւէրները լուծելու համար անհրաժեշտ է «Լուսաւորուած» տնտեսութիւն մը»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իտալիոյ Ֆիրէնցէ քաղաքի հաստատութիւններու, ընկերութիւններուն ներկայացուցիչներուն,
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ու Իր սիրտի խօսքը ուղղեց Իտալիոյ Ֆիրէնցէ քաղաքի հաստատութիւններու, ընկերութիւններուն ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւն բերին «Քաղաքացիական տնտեսականութեան» ազգային փառատօնին հինգերորդ փուլին։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ, այսօր կարիքը կայ նոր եւ լուսաւորուած տնտեսականութեան մը, դիմակայելու համար շրջանային փոփոխութիւնը ինչպէս նաեւ դէմ յանդիման եկող սարսափելի ճգնաժամերը։

Նորին Սրբութիւն ապա մատնանշեց աշխարհը յուզող երկու հարցերը. «Առաջինը՝ «աղքատութիւնը այսինքն տնտեսական գետնի վրայ, որ կը յառաջացնէ թափօնները, մնացորդները, ինչպէս նաեւ կլիմայի  ճգնաժամը , որ վտանգի տակ կը դնէ մեր երկրագունդին ապագան»։

Սա այն «Լուսաւորուած» տնտեսութիւնն է, որ այսօր անհրաժեշտ է ։Ան կարիքը ունի լայն ուղղութիւններու, որոնք կ՝օգնեն մեր հասարակութեան ընթանալու՝ լաւ ապրելու եւ ծննդական ուղիին վրայ, կը պահանջէ քաղաքականութիւն մը նաեւ տնտեսութիւն մը հարստացած մասնակցութենէն, գործօն քաղաքացիութենէն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն պատասխանատու ընտրութիւններէն, զօրակցութեան տրամաբանութեան վրայ, որ հիմքն է ժողովրդավարութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հրաւիրելով ձեռնարկուները «Աշխարհի տնտեսութեան նայելու ամենաղքատներու, անտեսուածներու եւ մեկուսացուածներուն աչքերով ու աշխատիլ անոնց հետ ու անոնց համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2023, 11:04