Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին առցանց հանդիպումը Նեփալի, Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի աշակերտներուն հետ

Միջոցառումը նպատակ ունի նաեւ դիւրացնել կամուրջներու ստեղծումը, մասնաւորապէս աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ տարբեր կրօններու պատկան աշակերտներու միջեւ ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ 26 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առցանց հանդիպում կ՝ունենայ Building Bridges «Կամուրջներ կառուցել» միջոցառումին մասնակցող երիտասարդներու հետ։ Նորին Սրբութիւնը պիտի զրուցէ Հարաւային Ասիոյ երիտասարդներուն հետ պատասխանելով անոնց ժամանակակից հարցերու վերաբերող հարցումներուն։

Building Bridge միջոցառումը կազմակերպուած է Լոյոլա Համալսարանի եւ Լատին Ամերիկիոյ քահանայապետական յանձնախումբին կողմէ։ Այսօրուան օրակարգը շարունակութիւն է նախորդ երկու հանդիպումներուն, որուն առաջինը
տեղի ունեցած է 2022 թուականի փետրուար ամիսը կեդրոնական, հարաւային եւ հիւսիսային Ամերիկիոյ երիտասարդներու հետ, ապա երկրորդը միեւնոյն տարին նոյեմբեր ամսոյն Ափրիկէի Սահարային համալսարաններուն աշակերտներու հետ։

Ի տես Սինոդականութեան մասին սիւնոդին, Ֆրանչիսկոս Պապին այսօրուան առցանց հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ Նեփալի, Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի երիտասարդներու հետ։

Նախատեսուած է որ Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Սանթա Մարթա տունէն zoom-ի միջոցաւ կապուի Փաքիստանի Loyola Hall di Lahore համալսարանի, Հնդկաստանի Christ University di Bengaluru համալսարանի եւ Հնդկաստանի Loyola College di Chennai, վարժարանի երիտասարդներու հետ։

Building Bridges միջոցառումին նպատակն է ընդառաջել Պապին սիւնոդականութեան հրաւէրին, որ կեդրոնական նիւթն է 4-29 հոկտեմբերին սինոդին ինչպէս նաեւ  դիւրացնել կամուրջներու ստեղծումը, մասնաւորապէս աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ տարբեր կրօններու պատկան աշակերտներու միջեւ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2023, 12:33