Որոնել

Աղօթենք Սիւնհոդոսին համար. Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը

Սիւնհոդոսի ուղին, կ՛ընդգծէ Ֆրանչիսկոս Պապը, հիմնուած է աղօթքի և խորաթափանցութեան վրայ, իսկ սիւնհոդոսական հարթութիւնը սերտօրէն կապուած է միսիոներական կոչումին հետ, քանի որ «առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ հիմքն է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ` 29 սեպտեմբերին հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, որ նուիրուած է Սիւնհոդոսականութեան նիւթի մասին գումարուած սիւնհոդոսին, որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ` 4էն 29 Հոկտեմբեր 2023ին, որուն գործընթացքը սկիզբ առած էր 2021 թուականին ու պիտի շարունակուի մինչեւ 2024ը։

Հռչակել Աւետարանը

«Միսիոներականութիւնը Եկեղեցւոյ սրտին մէջ է։ Առ աւելին, երբ Եկեղեցի մը Սիւնհոդոսի մէջ է, այս սիւնհոդոսական շարժականութիւնը սնուած է միայն միսիոներական կոչումով: Այսինքն՝ Յիսուսին պատուիրանը` հռչակելու Աւետարանը», կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամին սկիզբը, որուն միջոցաւ հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու Սիւնհոդոսին համար, որ պիտի գումարուի ամսուայ մը ընթացքին, որ նուիրուած է եւ որուն մէջ ընդհանրապէս կը յիշատակուի Միսիոներութեան Համաշխարհային Օրը։

«Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ այստեղ ոչ մէկ բան աւարտած է, բայց կը շարունակուի եկեղեցական ճանապարհորդութիւնը։ Ճանապարհորդութիւն մըն է, որուն վրայ կը քալենք Էմմաւուսի աշակերտներուն նման, ունկնդրելով Տէրը` որ միշտ կու գայ մեր մէջ» կ՛ըսէ Սրբազան Պապը նշելով, որ «Անիկա անակնկալի Տէրն է» ու շեշտը կը դնէ աղօթքին վրայ, յորդորելով այդ աղօթքի միջոցաւ անսալու Սուրբ Հոգիի ձայնին։

Անսալ Սուրբ Հոգիի ձայնին

«Սուրբ Հոգին աղօթքի և խորաթափանցութեան միջոցաւ մեզի կ՛օգնէ իրականացնելու «ականջի առաքելութիւնը», այսինքն՝ ականջներով ունկնդրել Աստուած, որպէսզի խօսինք Աստուծոյ խօսքով», կ՛ըսէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով` որ «այդ ձեւով մենք կը մօտենանք Քրիստոսի սրտին, որտեղէն ծնունդ կ՛առնէ մեր առաքելութիւնը եւ ձայնը` որ մեզ Անոր կը քաշէ»։

Չի բացառել ոչ մէկը

«Ձայն, որ մեզի կը բացայայտէ առաքելութեան կենտրոնը՝ հասնիլ բոլորին, փնտռել բոլորը, ողջունել բոլորը, ներգրաւել բոլորը՝ առանց որևէ մէկը բացառելու» կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով աղօթել «Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի բոլոր մակարդակներու վրայ` որպէս կեանքի ապրելաոճ որդեգրէ ունկնդրութիւնը եւ երկխօսութիւնը, թոյլ տալով առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիի ուժէն` դէպի աշխարհիս արուարձանները»։

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ աղօթքի հսկում

Քահանայապետին հոկտեմբեր ամսուայ լսատեսողական այս պատգամը պիտի ցուցադրուի վաղը` Շաբաթ 30 սեպտեմբերի երեկոեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած Համամիութենական աղօթքի հսկումի ընթացքին, որ կազմակերպուած է, որպէս նախապատրաստութիւն ու սիւնհոդոսին համար յատուկ աղօթքի պահ մը։

Վերոնշեալ աղօթքի դիտաւորութեան մէջ Քահանայապետը կը յստակացնէ, որ Սիւնհոդոսական այս հաւաքը աւարտ մը չէ ու թէ անիկա եկեղեցական ուղեւորութեան մը շարունակութիւնն է. որմէ կարելի է պտուղներ քաղել իրար զիրար ունկնդրելով ու բոլորս միասին մենք մեզ դնելով ի ծառայութիւն Քրիստոսի առաքելութեան, այնպէս ինչպէս ըրին Էմմաւուսի աշակերտները։

Քալել միասին

Սիւնհոդոսը արդարեւ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` «քալել միասին», այնպէս ինչպէս պիտի ընեն յառաջիկայ օրերուն Սիւնհոդոսական հայրերը ու աշխարհական հաւատացեալները «Ի սպաս սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն ու միսիոներականութիւն» խորագիրով եպիսկոպոսներու ԺԶ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու ընթացքին, թոյլ տալով առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2023, 16:00