Որոնել

2023.09.26   Papa Francesco Zoom Sinodo Building Bridges Across South Asia

Քահանայապետը Ասիայի երիտասարդներուն ` եղէք ներդաշնակութեան վկաները ընդդէմ գաղափարախօսութիւններու

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առցանց հանդիպում ունեցաւ Նեփալի, Հնդկաստանի ու Փաքիստանի Կաթողիկէ Համալսարաններու 12 ուսանողներուն հետ, շնորհիւ «Building Bridges - Կամուրջներ կառուցել» ձեռնարկին, որ նախաձեռնութիւնն է Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբին եւ Շիքակոյի Լոյոլա համալսարանին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երեքշաբթի` 26 սեպտեմբեր 2023ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առցանց հանդիպում ունեցաւ Նեփալի, Հնդկաստանի ու Փաքիստանի Կաթողիկէ Համալսարաններու 12 ուսանողներուն հետ, շնորհիւ «Building Bridges - Կամուրջներ կառուցել» ձեռնարկին, որ նախաձեռնութիւնն է Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբին եւ Շիքակոյի Լոյոլա համալսարանին։

Այս մէկը հանդիսացաւ Քահանայապետին այս տեսակի հանդիպումներուն երրորդը, 2022 թուականի փետրուար ամսոյն ընթացքին Կեդրոնական, հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդներու հետ ունեցած հանդիպումէն, ապա նոյն տարուայ նոյեմբեր ամսոյն մէջ Ափրիկէի,Սահարային շրջանի համալսարանական աշակերտներուն հետ ունեցած հանդիպումներէն ետքը։

Փոքրամաս քրիստոնեայ հասարակութիւններու մաս կազմող աշակերտներու վկայութիւնները

Աշակերտներէն երեքը Սրբազան Պապին ներկայացուցին իրենց վկայութիւնը հայող իրենց երկիրներուն մէջ փոքրամասնութիւն կազմող քրիստոնեայ հասարակութեան իրականութեան, աղանդաւորական և երբեմն ազգայնամոլ ​​հասարակութիւններու կողմէ խտրականութեան, նախապաշարմունքներու և հալածանքներու մասին:

Քահանայապետը զրոյցը սկսաւ նկատել տալով, որ այդ վկայութիւնները իր սրտին կը դպչին ու իրեն մտաբերել տուին Ասիա Պիպիի նահատակութիւնը` որ եղաւ անմեղ զոհը «տարբերութիւններու վախէն ծնունդ առնող կրօնամոլութեան», յարեց Սրբազան Պապը, դիտել տալով, թէ այս իրողութեան պատճառը «ընկերային արժէքները` գաղափարի վերածելն է», որ կը մղէ ինձմէ տարբեր կերպով մտածողը դարձնել մեղաւոր ապա նահատակ։ Մինչ ասոր պատասխանը կը կայանայ վկայութեան մէջ` թէ «Աստուած ծրագիր մը ունի ինծի համար», ճանչնալ Յիսուսը, որպէս Փրկիչ ու երազել` թէ կարելի է տարբեր տեսակէտ ունենալ բայց ուրիշին մեկնելով ձեռքը` ներելով։

Ներդաշնակութիւնը բանալի բառ

Քահանայապետին շօշափած նիւթերու շարքին եղաւ գաղթականութիւնը ու գաղթականներուն նկատմամբ յաճախ ցուցաբերուած անտարբերութիւնն ու վախը, մանկական տարիքին ուրիշներու ծիծաղի զոհ ըլլալը, երիտասարդներուն յաճախ ապրած ձախողութեան ու յուսահատ իրավիճակը, ապա ցանցի վրայ տարածուած բռնութիւնները, զրպարտութիւնները ինչպէս նաեւ գաղափարախօսութիւնները, որոնց մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց երիտասարդները հեռու մնալու անոնցմէ ու կապուած մնալու իրական աշխարհին հետ ու մանաւանդ ներդաշնակութեան հետ, որ, ըսաւ Սրբազան Պապը, «բանակի բառն է»։

Իրական հաղորդակցութիւնն ու երկխօսութիւնը

Խօսելով հուսկ հաղորդակցութեան մասին Ան ընդգծեց կիսատ իրականութիւններուն վտանգը, «հարկ է հաւատարմութիւն ցուցաբերել հրամցուած լուրին մէջ» ապա թէ ոչ «ան կը դառնայ սուտ լուր, որ հրէշներ կը ստեղծէ եւ անիրականի ճանապարհին վրայ կ՛ընթանայ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու նշեց, որ իսկական ժողովրդավարութիւնը կը նախատեսէ երկխօսութիւնը, որուն համար հարկաւոր է համաձայնութիւնը։

«Բաժանումի լեզուն սխալ է, եթէ երկու հոգի տարբեր գաղափարներ ունին պէտք է մտածեն համաձայնութեան, զոր կարելի է կատարել, որպէսզի կարողանան յառաջ ընթանալ», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2023, 07:52