Որոնել

2023.09.29 Membri dell'Associazione"Familia da Esperanca"

Այսօրեայ աշխարհի ամենամեծ խնդիրներէն մին անտարբերութիւնն է․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Família da Esperança» ընտանիքին անդամներուն՝ հիմնադրման 40ամեակի առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 29 Սեպտեմբեր 2023-ին, ընդունեց «Família da Esperança» ընկերութեան անդամներուն՝ հիմնադրման 40ամեակի առթիւ։

Նշենք, որ Ընկերութիւնը, որ հիմնադրուած է Պրազիլի մէջ եւ ներկայիս տարածում գտած ամբողջ աշխարհի մէջ, ներգրաւուած է ի մասնաւորի երիտասարդ թմրամոլներու վերականգնման ծառայութիւններու մէջ:

«Գեղեցիկ է ձեր շնորհապարգեւը՝ յոյսի շնորհապարգեւը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին սկիզբը՝ դիմելով ներկաներուն ու յորդորելով չհրաժարիլ երբեք յոյսի կոչումէն՝ «Աստուածաբանական առաքինութիւններէ ամենախոնարհ, բայց ամենաառօրեական ու ամենաուժեղ»։

«․․․Անօթեցայ եւ դուք կերակրեցիք զիս, ծարաւ էի եւ դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս, մերկ էի՝ զգեստաւորեցիք զիս, հիւանդ էի՝ այցելեցիք ինծի, բանտն էի՝ եկաք զիս տեսնելու» (Մատթէոս 25,35։36)։

Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած այս հատուածը մէջբերելով Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ «այս խօսքերով Տէրն Ինքն Իրեն կը նոյնացնէ մեր ամէնէ աղքատ, կարիքաւոր եւ տառապող եղբայրներու ու քոյրերու հետ: Քառասուն տարի առաջ ձեր շնորհապարգեւը ծնունդ առաւ երիտասարդի մը օգնութեան խնդրանքէն, որ կը ցանկանար ազատուիլ թմրամոլութենէն եւ անոր մէջ և անոր յաջորդողներուն մէջ, դուք Քրիստոսը ճանաչեցաք»։

Յիշատակելով այնուհետեւ Fratelli tutti շրջաբերականը, Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տուաւ, որ «այսօրեայ աշխարհի ամենէ մեծ խնդիրներէն մին անտարբերութիւնն է, եւ դիմելով ներկաներուն իր ոգեւորութիւնը արտայայտեց առ այն, որ իրենք անտարբեր չեն եղած բազմաթիւ տառապող երիտասարդներու ցաւի հանդէպ։

«Դուք դարձած էք փողոցէն փրկած շատ անձերու «մերձաւորները», աւելի ճիշտ՝ «եղբայրները» եւ ինչպէս Բարի Սամարացիի առակին մէջ է՝ ուղեկցած էք անոնց խնամելու, բուժելու եւ օգնելու իրենց արժանապատւութիւնը վերագտնելու մէջ», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։

Յղում կատարելով Ընկերութեան Հիմնադիրներուն, որոնք «նախախնամութեան գործիքներ եղած են, որպէսզի այս պարգեւը ձևաւորուի, ամրանայ, իր տեղը գտնէ Եկեղեցիէն ներս եւ հասնի շատ մարդկանց», Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց, որ «Քառասուն տարի անց, սկզբնական ոգեշնչումին հաւատարիմ, նոր մարդիկ կը կանչուին ստանձնելու այս հոգևոր ժառանգութիւնը պահպանելու եւ պտղատու դարձնելու պատասխանատուութիւնը»:

Սրբազան Քահանայապետը, ի վերջոյ, շնորհակալութիւն յայտնելով Ընկերութեան անդամներուն Պրազիլի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ մարդկանց նիւթական և հոգեւոր կարիքներու մասին հոգ տանելու համար, քաջալերեց զանոնք յառաջ ընթանալ «Եկեղեցիին մեծապէս անհրաժեշտ այս գեղեցիկ աշխատանքին մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2023, 11:58