Որոնել

2023.08.26 X Incontro nazionale dei giovani cattolici a San Pietroburgo in Russia

Ֆրանչիսկոս Պապը ռուս երիտասարդներուն. «Եղէք խաղաղութեան արհեստաւորներ հակամարտութիւններու մէջ»

«Ձեզի` ռուս երիտասարդներ, կը մաղթեմ, որ ունենաք խաղաղութեան արհեստաւոր ըլլալու կոչումը, ամէնուր տարածուած այսքան հակամարտութիւններու եւ այսքան բևեռացումներու ժամանակահատուածի ընթացքին: Ես կը հրաւիրեմ ձեզ ըլլալու սերմնացաներ, ցանելու հաշտութեան սերմեր, փոքրիկ սերմեր, որոնք այս պահուս, պատերազմի ձմռան ընթացքին պիտի չբողբոջին սառած հողին մէջ, բայց ապագայ գարնան պիտի ծաղկին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 25 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամով կապ պահեց Սան Փիեթրոպուրկի մէջ կայացած ու երեք օր տեւած Ռուս երիտասարդներու ազգային Օրուան մասնակցող Սրբուհի Կատարինէի Պազիլիքյաին մէջ համախմբուած երիտասարդներուն հետ, հրաւիրելով զանոնք դառնալու «հաշտութեան սերմ ցանողներ»։

Ունկնդրէ լուրը այլ լուրերու հետ միասին

Ռուսական կաթողիկէ երիտասարդներու ազգային այս տասներորդ Օրուան, որ պիտի տեւէ մինչեւ 27 օգոստոս, իրենց մասնակցութիւնը բերին գրեթէ 400 երիտասարդներ, որոնց հետ Քահանայապետը կապ պահելով ուզեց քիչ մը ժամանակ անցնել անոնց հետ եւ երկու երիտասարդներ` Alexander եւ Varvaraի ներկայացուցած վկայութիւններէն ետքը ներկաներուն փոխանցեց իր սրտին խօսքը` հիմնուելով ԵՀՕ կարգախօս «Եւ Մարիամը ոտքի ելաւ ու փութով գնաց» (Ղուկ. 1,39) խօսքին վրայ։

Վախերը փոխարինել երազներով

«Ձեզի` ռուս երիտասարդներ, կը մաղթեմ, որ ունենաք խաղաղութեան արհեստաւոր ըլլալու կոչումը, ամէնուր տարածուած այսքան հակամարտութիւններու եւ այսքան բևեռացումներու ժամանակահատուածի ընթացքին: Ես կը հրաւիրեմ ձեզ ըլլալու սերմնացաներ, ցանելու հաշտութեան սերմեր, փոքրիկ սերմեր, որոնք այս պահուս, պատերազմի ձմռան ընթացքին պիտի չբողբոջին սառած հողին մէջ, բայց ապագայ գարնան պիտի ծաղկին։ Եւ ինչպէս Լիզպոնի մէջ ըսի. քաջութիւն ունեցէք վախերը փոխարինելու երազանքներով: Փոխարինեցէք վախերը երազներով։ Վախերը երազներով» կրկնեց Քահանայապետը յորդորելով «չըլլալ վախերու կառավարիչներ, այլ երազանքներու ձեռներէցներ»։

Համապատասխանել Աստուծոյ կոչին

Ակնարկելով Մարիամի ու Եղիսաբեթի միջեւ հանդիպումին Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց` որ Տէրը իւրաքանչիւրս կը կոչէ իր անունով` մեր արժանիքներէն անդին ապա խրախուսեց երիտասարդները Մարիամի նման «փութով ոտքի ելլելու» երբ Աստուած կոչէ զանոնք, Աստուծոյ ուրախութիւնը տանելու համար անոնց որոնք անոր կը կարօտին։

Եկեղեցին բոլորին կը պատկանի

«Աստուծոյ սէրը վերապահուած է բոլորին ու Եկեղեցին եւս կը պատկանի բոլորին» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով որ «Եկեղեցին բաց սրտով մայր մըն է, որ գիտէ հիւրընկալել մանաւանդ անոնք` որ աւելիով հոգատարութեան կարիքն ունին» ապա խոստովանեցաւ, թէ ինք կ՛երազէ Եկեղեցի մը, ուր ոչ մէկը անտեսուած ըլլայ, այլ բաց ըլլայ բոլորին առջեւ։

Տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ դաշինք

Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ կրկնեց իր սրտին խօսող միտքը` այն է տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Ան հրաւիրեց ներկաները դառնալու «սերունդներու միջեւ կամուրջ կառուցողներ», դաշինք կնքելու սերունդներու միջեւ, որովհետեւ այդ մէկը կենդանի կը պահէ ազգի մը մշակոյթն ու պատմութիւնը։

Ապա դարձեալ օրինակ բերելով Եղիսաբեթը որ տարեց էր ու Մարիամը որ երիտասարդ էր Սրբազան Պապը հրաւիրեց երիտասարդները ըլլալու յոյսի, խաղաղութեան ու ուրախութեան նշան» փոխելով պատմութիւնը ։

Հաւաքին կը մասնակցէին նաեւ Ռուսաստան ապրող օտարերկրեայ ուսանողներ որոնց շարքին նաեւ Հայ երիտասարդներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2023, 12:26