Որոնել

2023.08.26 dom geraldo majella cardeal agnelo

Քահանայապետին ցաւը ի լուր Պրազիլիցի Կարդինալ Մաժելլա Անիելոյի մահուան

«Ան միշտ առաջնորդուած էր առաքելական եռանդով» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ այս առիթով ուղղած ցաւակցագիրի մը մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
    

Սրտի խոր ցաւով է` որ Ֆրանչիսկոս Պապը իմացաւ 89 ամեայ պրազիլցի Կարդինալ Ճերարտօ Մաժելլա Անիելոյի մահուան լուրը որ տեղի ունեցաւ 26 օգոստոսին` Պրազիլի Փարանիայ նահանգի Լոնտրինա քաղաքին մէջ։

Սան Սալվատոր Տէ Պահիայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Սերճօ Տա Ռոքային ուղղած եռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցութիւնները կ՛արտայայտէ ու կ՛ապահովեցնէ իր աղօթքները ննջեցեալի հոգւոյն հանգստեան։

«Իմ աղօթքներս - կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը – նաեւ երախտագիտութիւն են Աստուծոյ` Սուրբ Մայր եկեղեցւոյ Անոր նուիրեալ ծառայութեան երկար տարիներուն համար՝ միշտ առաջնորդուելով առաքելական եռանդով, իրեն վստահուած տարբեր առաքելութիւններուն մէջ՝ որպէս Թոլետոյի եպիսկոպոս, Լոնտրինայի արքեպիսկոպոս, Աստուածային պաշտամունքի և խորհուրդներու մատակարարման Ժողովին քարտուղար, ապա Պրազիլի Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս ու Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ»:

Քահանայապետը հեռագիրը կ՛աւարտէ փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնները` Տա Ռոքա Արքեպիսկոպոսին, եւ բոլոր անոնց` որոնք աղօթքի մէջ կը միանան ննջեցեալի հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան։

Ունկնդրէ լուրը այլ լուրերու հետ միասին

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2023, 08:00