Որոնել

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 43րդ առաքելական ճամբորդութիւնը` Մոնկոլիա

Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ առաջին Քահանայապետը, որ կ՛այցելէ Մոնկոլիան։ Ճամբորդութիւն մը` որ ծրագրուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով, որ սակայն կարելի չեղաւ իրականացնել ու ահա այժմ Անոր յաջորդներէն մին` կ՛երթայ ողջագուրելու «փոքրիկ հօտը», 1500 հաւատացեալներէ կազմուած Կաթողիկէ Եկեղեցին, որ ծնունդ առած է շնորհիւ իննսունական տարիներուն այնտեղ ժամանած միսիոնարներուն ու մասնաւորապէս «Քոնսոլաթա - մխիթարուող» միաբանութեան միսիոնարներուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 31 օգոստոս 2023ի երեկոյեան 6,41ին` Ֆրանչիսկոս Պապն ու իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները, իտալական ITA օդանաւային ընկերութեան թռիչքով, մեկնեցան դէպի Քահանայապետական Առաքելական 43րդ միջազգային ճամբորդութեան վայր` Մոնկոլիայի մայրաքաղաք Ուլաանպաթար, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 10ին, որ կը համապատասխանէ Հռոմի ժամով առաւօտեան 4ին, տրուած ըլլալով` որ երկու քաղաքներու միջեւ կայ վեց ժամուայ տարբերութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ առաջին Քահանայապետը, որ կ՛այցելէ Մոնկոլիան։ Ճամբորդութիւն մը` որ ծրագրուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով, որ սակայն կարելի չեղաւ իրականացնել ու ահա այժմ Անոր յաջորդներէն մին` կ՛երթայ ողջագուրելու «փոքրիկ հօտը», 1500 հաւատացեալներէ կազմուած Կաթողիկէ Եկեղեցին, որ ծնունդ առած է շնորհիւ իննսունական տարիներուն այնտեղ ժամանած միսիոնարներուն ու մասնաւորապէս «Քոնսոլաթա - մխիթարուող» միաբանութեան միսիոնարներուն, որոնց մաս կը կազմէ Մոնկոլիայի առաջին ու միակ կարդինալը` Ճորճօ Մարենկոն, որ է նաեւ Ուլաանպաթարի առաքելական կառավարիչը որ կարդինալական այս տիտղոսին արժանացաւ անցեալ տարի։

Նորին Սրբութիւնը Մոնկոլիա կը մեկնի «Յուսալ միասին կարգախօսով` որ փորագրուած է նշանաբանին մէջ ուր տեղադրուած է Մոնկոլիայի քարտէսը գծուած ազգային դրօշի գոյներով` կարմիր ու կապոյտ, որուն մէջտեղը զետեղուած է «ԿԷՐ» ը (մոնկոլական աւանդական տուն) որմէ դէպի վեր կը բարձրանայ դեղին ծուխ մը (Վատիկանեան գոյը)։

Աւանդական ԿԷՐ-ի աջ կողմը զետեղուած է խաչ մը։ Խաչն ու տունի կողքին արձանագրուած է մոնկոլական լեզուով «Յուսալ միասին» կարգախօսը։

Նորին Սրբութեան դէպի Մոկոլիայի մայրաքաղաք ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ գրեթէ ինը ու կէս ժամ եւ նախատեսուած է որ զինք փոխադրող օդանաւը սաւառնի` Իտալիոյ, Պոզնիա Էրզիկովինա, Սերպիա-Մոնթենեկրօ, Պուլկարիա, Թուրքիա, Վրաստան, Ազրպէյճան, Ղազախստանի եւ Չինաստանի օդային տարածքներուն վրայէն` եւ աւանդութիւն է` որ Քահանայապետը քաղաքավարական հեռագիրեր յղէ այս երկիրներու Ղեկավարներուն։

Ճամբորդութեան յայտագիրը

Քահանայապետին Մոնկոլիայի մէջ պաշտօնական օրակարգը սկիզբ կ՝առնէ, շաբաթ օր` 2 սեպտեմբերին, առաւօտեան 9ին, Ulaanbaatar մայրաքաղաքին Sukhbaatar հրապարակի վրայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեամբ, որուն կը յաջորդէ` Պետական պալատէն ներս Մոնկոլիոյ նախագահին հետ հանդիպումը, ապա քաղաքական իշխանութիւններու, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ հանդիպումը, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը։ Նոյն օրը յետմիջօրէին, ժամը 4ին, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիպի Երկրի կղեարական դասին հետ անոնց եւս ուղղելով իր սիրտի խօսքը։

Կիրակի 3 սեպտեմբերին, նախատեսուած են երկու միջոցառումներ. առաջինը` առաւօտեան, «Hun Theatre» կառոյցէն ներս, միջկրօնային եւ համամիութենական հանդիպում մը, որուն կը մասնակցին տեղական կրօններու ներկայացուցիչները, ապա յետմիջօրէին ժամը 4ին, որ Հռոմի ժամով կը համապատասխանէ առաւօտեան ժամը 10ին, Սուրբ Պատարագ մասնակցութեամբ տեղական ու Մոնկոլիայի սահմանամերձ երկիրներէն ժամանած հաւատացալներուն։

Երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, այցելութեան վերջին օրը, ու նախ քան Հռոմ վերադրաձը Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի բարեգործական գործիչներուն հետ, բացումը կատարելով «Ողորմածութեան տան», դպրոցական նախկին  մէկ համալիրը, որ պիտի յատկացուի աղքատներու, տնանկներու, գաղթականներու եւ տնային բռնութիւններու զոհերուն։

Այս կ՛ըլլայ Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական վերջին հանդիպումը, որմէ ետք Ան տեղական ժամով 11,30ին կը փոխադրուի Ուլաանպաթարի Ճինկս Խանի անուան միջազգային օդակայան, ուր տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար դէպ Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է երկուշաբթի 4 սեպտեշբերին կէսօրէն ետք ժամը յետմիջօրէին 5,20 անց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2023, 18:45