Պապը Մոնկոլիայի մէջ, ի՞նչու Եկեղեցւոյ մէջ թիւերը չեն կշռէր
Անտրէա Թոռնիելլի
Ֆրանչիսկոս Պապը կը պատրաստուի մեկնիլ Մոնկոլիա, իրեն համար շատ «ցանկալի այց մը», որ մաս կը կազմէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ անիրականացած ծրագիրներուն, երբ իննսունական թուականներուն միսիոնարներու ներկայութիւնը ծաղկեցուցած էր քրիստոնէական հասարակութիւն մը։ Ան որ այժմ Ասիայի սրտին մէջ պիտի ընդունի Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ողջագուրումը Եկեղեցի մըն է «փոքր թիւերով, սակայն աշխոյժ հաւատքով ու մեծ բարեսիրութեան մէջ»։ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի հանդիպի ոչ միայն Երկրին 1.500 կաթողիկէներուն հետ, այլ համայն «ազնիւ» ու «իմաստուն» ժողովուրդին իր պուտտիսթական մեծ աւանդութեամբ։
Ի՞նչու Քահանայապետը Մոնկոլիա կը մեկնի։ Ի՞նչու իր օրակարգի հինգ օրեր (ճանապարհորդութեան երկու օր եւ կեցութեան երեք օրեր) կը նուիրէ այցելելու համար կաթողիկէներու այսքան փոքր խումբ մը։ Արդեօ՞ք ասոր հետ կապ ունի «աշխարհաքաղաքականութիւնը», ըլլալով ճանապարհորդութիւն դէպի Երկիր մը որ սահմանակից է Ռուսաստանի Դաշնութեան և Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան: Իրականին մէջ Ասիայի արուարձաններ ուխտագնացութեան դրդապատճառը «աշխարհաքաղաքական» հետեւութիւն չունի և, իհարկէ, Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի Քահանայապետութեան իրաւասութիւն մը չէ։
1970 թուականի նոյեմբերի 30-ին, երկուշաբթի օրը, Սուրբ Պօղոս Զ-ը երկար ճանապարհորդութիւն կատարեց՝ հասնելով Խաղաղ ովկիանոսի Սամօա կղզիները: Ուփոլու կղզիի հիւսիս արեւմտեան ափին Leulumoega Tuai-ի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Մոնթինի Քահանայապետը մէկդի դնելով այն վեհաշուք «մենք»-ը, զոր այդ ժամանակ օգտագործուած էր Պապերու կողմէ ըսաւ. «Ճամբորդութեան հաճոյքը և որևէ հետաքրքրութիւնը չէ, որ զիս բերաւ ձեր մօտ. ես կու գամ, որովհետև մենք բոլորս եղբայրներ ենք, աւելի ճիշտ որովհետև դուք իմ որդիներն ու դուստրերն էք, և ճիշտ է, որ որպէս ընտանիքի հայր, այս ընտանիքը, որ կաթողիկէ եկեղեցին է, ցոյց տամ իւրաքանչիւրին որ ինքը իրաւունք ունի հաւասար սիրոյ: Գիտէ՞ք, թէ ինչ կը նշանակէ «Կաթողիկէ եկեղեցի»: Անիկա կը նշանակէ, որ ան ստեղծուած է ամբողջ տիեզերքի համար, որ ստեղծուած է բոլորի համար, որ ոչ մէկ տեղ օտար չէ. իւրաքանչիւր մարդ, անկախ իր ազգէն, իր ցեղէն, տարիքէն կամ կրթութիւնէն, տեղ կը գտնէ անոր մէջ»:
Եկեղեցին բոլորի համար վայր է։ Եկեղեցին ուր առաջնահերթ չեն թիւերը եւ ուր ոչ մէկը օտարական է, որեւէ լեզուի, մշակոյթի, ժողովրդուի կամ ազգի պատկան։ Անիկա «para todos», բոլորին Եկեղեցին է, որուն մասին Ֆրանչիսկոսը խօսեցաւ Լիզպոնի մէջ։ Եւ ԵՀՕ գրեթէ մէկ ամիս չանցած Հռոմի Եպիսկոպոսը դարձեալ ուղեւորութեան մէջ կը դնէ ինքզինք, «Մոնկիլիայի իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն» ըսելով որ ինք «ուրախ է ճամբորդելու իրենց միջեւ գտնուելու համար որպէս բոլորին եղբայր»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ