Որոնել

2023.08.26 Partecipanti all'Incontro promosso dall'International Catholic Legislators Network

Զգուշացէք ընկերային ցանցերու միջոցաւ կեղծիքի և ատելութեան տարածումէն. Ֆրանչիսկոս Պապ

«International Catholic Legislators Network»ը կաթողիկէ օրէնսդիրներու ցանց մըն է, որուն նպատակն է կազմաւորել կաթողիկէ առաջնորդներու նոր սերունդ մը որ ի վիճակի ըլլայ հասարակական կեանքէն ներս տարածելու Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ 26 օգոստոսին Վատիկանի մէջ ընդունելով «International Catholic Legislators Network»ի միջազգային 14րդ հաւաքին մասնակցողները` Քահանայապետը զգուշացուց զանոնք ընկերային ցանցերու միջոցաւ կեղծիք և ատելութիւն տարածելէ։

«International Catholic Legislators Network»ը կաթողիկէ օրէնսդիրներու ցանց մըն է, որուն նպատակն է կազմաւորել կաթողիկէ առաջնորդներու նոր սերունդ մը որ ի վիճակի ըլլայ հասարակական կեանքէն ներս տարածելու Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը։

Մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը

Հանդիպումին ներկայ գտնուող ցանցի 200 անդամներուն ուղղած ճառին մէջ Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ «ազատութեան խեղաթիւրուած օգտագործումի» նիւթին ուր անարգուած է մարդ արարածի արժանապատւութիւնը ու նկատի չէ առնուած անոր կեդրոնականութիւնը։

Խօսելով ցանցերու մասին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ուշադիր ըլլալ` որովհետեւ այդ հաղորդակցութեան ցանցերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ «անմարդկայանցող» իրականութիւններու, ուր կը տարածուին «սուտ եւ կեղծ լուրեր», կը հրահրուին ատելութեան ու բաժանումի վերաբերմունքներ, մարդկային յարաբերութիւնները կը վերածուին պարզ «ալկորիթմի», ու պատկանելիութեան սուտ զգացումներ երիտասարդները կը մղեն մեկուսացումի եւ առանձնութեան։

Հանդիպումի մշակոյթ

Միայն իսկական հանդիպումի մշակոյթի մը տարածումը, հիմնուած փոխադարձ ունկնդրութեան վրայ, կարող է յաղթահարել «անիրական հանդիպումին խեղաթիւրուած օգտագործումը», նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները շարունակելու գործել այդ ուղղութեամբ` քրիստոնէական հոգիով` հաւատալի կերպով այլընտրանքային ճանապարհ մը ցոյց տալով «թէքնոգրաթ բռնակալութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2023, 10:58