Որոնել

2023.08.02 Incontro con il papa prima della partenza a Lisbona organizatto da mons. Krajewski

Նախ քան Լիզպոն մեկնիլը Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ խումբ մը երիտասարդներու հետ

«Անոնց կ՛ընկերանային երեք մեծ հայրեր իրենց թոռնիկներով։ Այս հանդիպումը եւ մի քանի օրեր առաջ տօնախմբուած տարեցներուն մամիկ պապիկներու համաշխարհային օրը կ՛ընդգծեն սերունդներու միջեւ կապը ու թէ ինչպէս անոնք կարող են թիկունք կանգնիլ մէկը միւսին եւ փոխադարձ դաս քաղել մէկը միւսէն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 օգոստոս 2023ին նախ քան Վատիկանէն դէպի Լիզպն մեկնիլը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ ողջունելու տասնհինգ հոգիէ բաղկացած խումբի մը հետ, առաջնորդութեամբ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքիին որ եկած էր բարի երթ մաղթելու քահանայապետին։ Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ երիտասարդներ, որոնք շրջան մը կ՛ապրին վերականգնողական հասարակութեան մը մէջ, ուստի կարելիութիւնը չունին մասնակցելու ԵՀՕ։

«Անոնց կ՛ընկերանային երեք մեծ հայրեր իրենց թոռնիկներով։ Այս հանդիպումը եւ մի քանի օրեր առաջ տօնախմբուած տարեցներուն մամիկ - պապիկներուն համաշխարհային օրը կ՛ընդգծեն սերունդներու միջեւ կապը ու թէ ինչպէս անոնք կարող են թիկունք կանգնիլ մէկը միւսին եւ փոխադարձ դաս քաղել մէկը միւսէն» կը կարդանք այս առիթով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2023, 08:02