Որոնել

La Rencontre des Entrepreneurs de France, La REF in Paris

Ֆրանսացի ձեռնարկատէրերուն պատգամի մը մէջ Քահանայապետը կը հաստատէ որ`աշխատանքի արժէքը մարդիկն են` ոչ թէ մեքենաները

Սրբազան Պապին պատգամի ընթերցումը կատարեց Նանթերի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Մաթիէօ Ռուժէ որուն մէջ Քահանայապետը ձեռնարկատէրերու առաքելութիւնը՝ վերասահմանեց` որպէս հասարակաց բարիքին դերակատարը և Սուրբ Յովսէփ ատաղձագործի իրաւայաջորդ՝ միաժամանակ բարձր գնահատելով աշխատանքի արժէքը՝ որպէս արժանապատուութեան գործօն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ յղած է Ֆրանսայի ձեռնարկատէրերուն՝ որոնք ինչպէս ամէն տարի ամառուայ աւարտին գումարած են իրենց հաւաքը 28 եւ 29 օգոստոսին Փարիզի արևմտեան Լոնկշամփի ձիարշաւարանին մէջ։

Սրբազան Պապին պատգամի ընթերցումը կատարեց Նանթերի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Մաթիէօ Ռուժէ, որուն մէջ Քահանայապետը ձեռնարկատէրերի առաքելութիւնը՝ վերասահմանեց` որպէս հասարակաց բարիքին դերակատարը և Սուրբ Յովսէփ ատաղձագործի իրաւայաջորդ՝ միաժամանակ բարձր գնահատելով աշխատանքի արժէքը՝ որպէս արժանապատուութեան գործօն:

Հասարակաց բարիքի դերակատարներ

«Երբ կը մտածեմ ձեռնարկատէրերու մասին, առաջին բառը, որ միտքս կու գայ հասարակաց բարիքն է: Այնուամենայնիւ, ձեռնարկատէրերը զարգացման և բարեկեցութեան դերակատարներ են: Դուք հարստութեան, բարգաւաճման, հասարակական երջանկութեան էական շարժիչն էք», գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ անդրադարձ կատարելով լրատուամիջոցներուն մէջ անոնց գործունէութեան ու ապրած դժուարութիւններուն ինչպէս նաեւ գործունէութեան անյաջողութեան պարագային ապրուած ցաւին ու տառապանքին մասին արձագանքի պակասին մինչ «Եկեղեցին կը հասկնայ բարի ձեռնարկատէրի մը ցաւը ու զայն կ՜ընկալէ, ան ձեզի կ՛ընկերակցի ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ ձեզի» աւելցուցած է Սրբազան Պապը իր գրաւոր պատգամին մէջ ակնարկելով նաեւ Սուրբ Գիրգին մէջ դրամի ու առեւտուրի մասին հարցերու վերաբերող գրութիւններուն ու յատկապէս Անառակ Որդիի ու Բարի Սամարացիին առակներու մասին։

Վստահիլ երիտասարդներուն

Ֆրանչիսկոս Պապին համար այսօր ընդհանուր բարօրութեանը մասնակցելու ճանապարհը աշխատատեղիններ ստեղծելն է յատկապէս երիտասարդներուն համար։ «Վստահեցէք երիտասարդներուն», կը պատուիրէ Քահանայապետը աւելցնելով «Իւրաքանչիւր նոր ստեղծուած աշխատատեղ բաժնեկցուած հարստութիւն է, որ չ՛աւարտիր ֆինանսական շահեր արտադրող դրամատուներուն մէջ, այլ ներդրում է, որպէսզի նոր մարդիկ կարողանան աշխատիլ և իրենց կեանքը դարձնել աւելի արժանապատիւ»:

Մարդն է` որ կ՛ազնուացնէ աշխատանքը

Արդարեւ աշխատանքը կարեւոր է ու եթէ իրական է որ աշխատանքը մարդը ազնիւ կը դարձնէ աւելիով իրական է թէ մարդն է աշխատանքը ազնուացնողը։ «Մենք ենք եւ ոչ թէ մեքենաները` որոնք աշխատանքի իսկական արժէքներն ենք» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով աշխատանքի աշխարհէն ներս չարաշահումներէն։

Ան ապա պատգամի աւարտին ձեռնարկատէրը կը նմանեցնէ Սուրբ Յովսէփին ու Յիսուսին, որ իր կեանքի մէկ մասը ապրեցաւ աշխատելով որպէս արհեստաւոր։

«Առանց նոր ձեռնարկատէրերու մեր աշխարհը չի կրնար դիմանալ կապիտալիզմի ազդեցութեանը...Մենք կ՛ապրինք հրատապ, շատ հրատապ ժամանակաշրջանի մը մէջ. մենք պէտք է, դուք պէտք էք աւելին ընել. երեխաները ձեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն, եւ ես՝ ալ անոնց հետ»,եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ յորդորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2023, 10:33