Որոնել

2023.08.26 Delegazione del Premio "E' Giornalismo"

«Ինծի օգնեցէք պատմելու Սիւնհոդոսը դուրս գալով լոզունգներու տրամաբանութենէն» Քահանայապետը լրագրողներուն

«Եւրոպայի ապրած ողբերգական այս պահուն, Ուքրանիայի մէջ պատերազմի շարունակմամբ, մենք կոչուած ենք պատասխանատուութիւն ցայտի։ Յոյսս է, որ տարածք տրուի խաղաղութեան ձայներուն, անոնց` որոնք յանձնառու են վերջ տալու այս ու այլ հակամարտութիւններուն, անոնց` որոնք չեն յանձնուիր պատերազմի «կայէնական» տրամաբանութեան, եւ հակառակ ամէն բանի կը շարունակեն հաւատալ, խաղաղութեան, երկխօսութեան և դիւանագիտութեան տրամաբանութեան» յայտնեց իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նայիլ իրադարձութիւններու իրականութեան առանց թոյլ տալու որ ատելութեան լեզուն ազդէ մեր վրայ» Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորներէն մին է սա, զոր Ան ուղղեց 1995ին ստեղծուած "È giornalismo – լրագրութիւն է” մրցանակի պատուիրակութեան անդամներուն որոնք` շաբաթ 26 օգոստոսին Վատիկան ժամանած էին Քահանայապետին յանձնելու մրցանակը։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ ինք սովոր չէ ընդունիլ մրցանակներ, բայց թէ որոշած այս մէկը ընդունիլ մէկ պատճառի համար` այն է «Կառուցողական հաղորդակցութեան հրատապութիւնը, որ կը նպաստէ հանդիպման և ոչ թէ առճակատումի մշակոյթին. խաղաղութեան և ոչ պատերազմի մշակոյթին, ուրիշներու հանդէպ բաց ըլլալու և ոչ թէ նախապաշարմունքներու մշակոյթին»:

«È giornalismo – լրագրութիւն է” մրցանակի պատուիրակութեան անդամները Քահանայապետին հետ
«È giornalismo – լրագրութիւն է” մրցանակի պատուիրակութեան անդամները Քահանայապետին հետ

Օգնութեան խնդրանք

Այս հրատապութենէն մեկնելով Քահանայապետը ներկաներուն ուղղեց «օգնութեան խնդրանք մը», յիշելով, որ գրեթէ մէկ ամիսէն սկիզբ պիտի առնէ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի չորս ծագերէն եպիսկոպոսներ եւ աշխարհականներ։ Ուղեւորութիւն մը` որ սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով եւ որ այսօր վաթսուն տարիներ ետք սկսած է տալ «մեծ պտուղներ», աւելցուց Ան, նշելով` որ այդ սիւնհոդոսի ընթացքով Եկեղեցին կը ջանայ «սորվիլ յարաբերութիւնները ապրելու նոր ձեւ մը, ունկնդրելով մէկը միւսին ու հետեւելով Սուրբ Հոգիի ձային»։

«Մենք բացինք մենք դռները ու բոլորին առիթ տուինք մասնակցելու ու նկատի առինք բոլորին պահանջներն ու առաջարկները։ Կ՛ուզենք միասին սատարել կառուցելու համար Եկեղեցի մը, ուր բոլորն ալ իրենք զիրենք զգան տանը մէջ ուր ոչ մէկը բացառուած ըլլայ։ Աւետարանի «բոլորը» խօսքը շատ կարեւոր է. բոլորը, բոլորը, բոլորը...ոչ թէ առաջին, երկրորդ ու երրորդ դասակարգի կաթողիկէներ, այլ բոլորը», շեշտեց Քահանայապետը նկատել տալով` որ «ասիկա է Տիրոջ հրաւէրը եւ ասոր համար է, որ կը խնդրեմ ձեր օգնութիւնը` դուք լրագրութեան վարպետներդ. Օգնեցէք ինծի որպէսզի պատմենք այս գործընթացքը, իր իրականութեան մէջ, դուրս ելլելով լոզունգներու կամ նախապէս պատրաստուած պատմութիւններու տրամաբանութիւնէն» յարեց Ան։

«È giornalismo – լրագրութիւն է” մրցանակի պատուիրակութեան անդամները Քահանայապետին հետ
«È giornalismo – լրագրութիւն է” մրցանակի պատուիրակութեան անդամները Քահանայապետին հետ

Իրականութեան սկզբունքը

Այս օգնութեան հայցէն առաջ Սրբազան Պապը յոյս յայտնած էր, որ «ժամանակի մը ընթացքին, երբ կը թուայ, թէ բոլորը կը մեկնաբանեն ամէն ինչ, նոյնիսկ անկախ փաստերէն և յաճախ նոյնիսկ նախքան տեղեակ ըլլալը, պէտք է աւելիով բացայայտել և զարգացնել իրականութեան սկզբունքը»:

«Իրականութիւնը միշտ աւելի գերազանց է գաղափարէն։ Պէտք է նայիլ փաստերու շարժականութեան, անոնք երբեք անշարժ չեն», հաստատեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, դիտել տալով` որ փաստերը միշտ զարգացումի մէջ են` «դէպի բարին կամ դէպի չարը» ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց դիտարկել «փաստերու իրականութիւնը», որպէսզի չիյնանք «տեղեկատուական հասարակութիւնը ապատեղեկատուութեան հասարակութիւն վերածելու վտանգին մէջ»։

Տարածել հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթ

«Ուստի հրատապ է տարածել հանդիպումի, երկխօսութեան եւ միւսը ու անոր պատճառները ունկնդրելու մշակոյթը», Նշեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով լրագրութեան մեղքերուն, որոնցմէ առաջինը ապատեղեկատուութիւնն է, հուսկ զրպարտութիւնը, բամբասանքը ու ապա գայթակղութիւններու ու կեղծիքի նկատմամբ սէրը։

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ հաղորդակցութիւնը երկխօսութիւն է` հիմնուած ունկնդրութեան վրայ, դատապարտելով հասարակական կարծիքը կողմնորոշելու միտումով «կեղծ լուրերու» տարածումը։

«È giornalismo – լրագրութիւն է” մրցանակի պատուիրակութեան անդամները Քահանայապետին հետ
«È giornalismo – լրագրութիւն է” մրցանակի պատուիրակութեան անդամները Քահանայապետին հետ

Տարածք տալ խաղաղութեան ձայներուն

«Եւրոպայի ապրած ողբերգական այս պահուն, Ուքրանիայի մէջ պատերազմի շարունակմամբ, մենք կոչուած ենք պատասխանատուութեան ցայտի։ Յոյսս է, որ տարածք տրուի խաղաղութեան ձայներուն, անոնց` որոնք յանձնառու են վերջ տալու այս ու այլ հակամարտութիւններուն, անոնց` որոնք չեն յանձնուիր պատերազմի «կայէնական» տրամաբանութեան, եւ հակառակ ամէն բանի կը շարունակեն հաւատալ, խաղաղութեան, երկխօսութեան և դիւանագիտութեան տրամաբանութեան» յայտնեց իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը։

“È giornalismo” մրցանակի նախաձեռնողները այս առիթով հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ հաստատեցին, թէ մրցանակը կը շնորհուի Ֆրանչիսկոս Պապին, որովհետեւ Ան իր պատգամով թարգման կը կանգնի միակ ձայնի մը` այն է «քաջութիւն ունենալ երկխօսութիւնը օգտագործելու `արտասանելու համար խաղաղութիւն բառը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2023, 11:25