Որոնել

2023.07.23 Santa Messa per la Giornata mondiale dei nonni e degli anziani

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը

Սեպտեմբեր – Հոկտեմբեր ամիսներուն արարողութիւններու շարքին են Սրբազան Քահանայապետին այցը Մարսիլիա, ապա Կարդինալական Ժողով ու նոր կարդինալներու ստեղծումը հուսկ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի բացումի ու փակման սուրբ պատարագները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Սեպտեմբեր – Հոկտեմբեր ամիսներուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը կը սկսի Անոր 22 եւ 23 սեպտեմբերին Ֆրանսայի Մարսիլիա քաղաք կատարած առաքելական ճամբորդութեամբ` «Միջերկրականի հանդիպումներ» ձեռնարկի փակման առիթով։

30 սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ կը նախագահէ Կարդինալական Ժողովին, որուն առիթով կը ստեղծուին վերջերս Քահանայապետին կողմէ նշանակուած նոր կարդինալները, ապա նոյն օրը երեկոյեան ժամը վեցին` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած է համամիութենական Աղօթքի Հսկում, որուն կը մասնակցին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, Աստուծոյ նախախնամութեան յանձնելու համար մի քանի օրեր ետք` 4 հոկտեմբերին սկիզբ առնող Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին աշխատանքները, որոնց բացումը կը կատարուի չորեքշաբթի 4 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ առաւօտեան 9ին Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած սուրբ եւ անմահ պատարագով, որուն կը մասնակցին նաեւ Կարդինալական դասի անդամներն ու նորանշանակ կարդինալները ինչպէս նաեւ սիւնհոդոսին մասնակցող ժողովականները` որոնց շարքին նաեւ տարբեր վայրերէ ժամանած ու տարբեր եկեղեցիներու պատկան աշխարհականներ։

«Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» խորագիրով Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին փակումը նախատեսուած է Կիրակի` 29 հոկտեմբերին, միշտ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ այս անգամ առաւօտեան ժամը 10ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած սուրբ եւ անմահ հանդիսաւոր պատարագով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2023, 12:10