Որոնել

2023.08.27 droghe pasticche stupefacenti

Ֆրանչիսկոս Պապ. Կանգ առնենք և ոտքի կայնեցնենք անոնք` որոնք ինկած են թմրանիւթերու ստրկութեան մէջ

Հռոմի մէջ ընթացող դատա-թիւնաբաններու 60-րդ միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն յղած պատգամի մը մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մտահոգութիւն կը յայտնէ դեռահասներու և երիտասարդներու շրջանակին մէջ թմրամիջոցներու օգտագործման աճին համար ու կը հրաւիրէ անտարբեր չի մնալ որովհետեւ այդ իրողութեան ետին կայ առանձնութիւն, անհաւասարութիւնը, ընդելուզման պակաս....
Ունկնդրէ լուրը այլ լուրերու հետ միասին

Ռոպէր Աթթարեան – ֆրանչեսքա Սապաթինելլի - Վատիկան

Դեռահասներու և երիտասարդներու շրջանակին մէջ թմրամիջոցներու օգտագործման չարաշահումն ու աճը, մութ ցանցի «թուային հրապարակներուն» վրայ թմրանիւթերու վաճառքի աճը աւելի ու աւելի շատ տագնապ կը յառաջացնեն, և Պապը այս ուղղութեամբ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Օգոստոսի 27-էն 31-ը Հռոմի մէջ կայացած դատա-թիւնաբաններու 60-րդ միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն ուղղած պատգամի մը մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ «թմրամոլութեան կանխարգիլմանն ու անոր դէմ պայքարին նուիրուած «յանձնառութեան, ժամանակի և ջանքերուն համար»։

Նոր թմրանիւթերու վտանգը

«Դեռահասութեան և երիտասարդութեան փուլերու նրբութիւնը, գումարուած այսօրեայ հասարակութիւններու փխրունութեան ու անապահովութեան, գործօններ են, որոնք կարող են հանգեցնել նոր փորձառութիւններու որոնման» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ դիտել տալով թէ «անյայտի ուսումնասիրութիւնը, բացառուած զգալու վախը և հասակակիցներու հետ շփուելու անհրաժեշտութիւնը` վտանգաւոր տարրեր են, որոնք կարող են երիտասարդները մղել «վտանգաւոր ընտրանքներու դիմելու` ինչպիսիք են հոգեգործօն նիւթերի օգտագործումը և ալքոլի չարաշահումը, կամ ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ յայտնուելու հնարաւորութիւնը, ինչպէս անիրական այնպէս էլ իրական իրավիճակներ»։

Սրբազան Պապը կը զգուշացնէ հուսկ հոգեգործօն նորոյթ նիւթերու վտանգէն ու այդ ուղղութեամբ կը թելադրէ ի գործ դնել ու զարգացնել այդ նիւթերու տարածման կանխարգիլման միջամտութիւններու ձեւեր։ Քահանայապետը անդրադարձ կը կատարէ նաեւ մարզական աշխարհին մէջ եւս տարածուած ոչ օրինական դեղորայքներուն, որ արդիւնքն է ընկերութեան մը, որ կը մերժէ տկարութիւնը եւ կ՛ուզէ ամէն գնով յայտնուիլ որպէս կատարեալ ու զօրեղ` բայց այս մէկը, նկատել լու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը «անյաղթահարելի խոչընդոտ է մարդկային համապարփակ զարգացումին համար»։

Ունկնդրել դիւրաբեկներուն աղաղակը

Ի վերջոյ Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնը կը կեդրոնանայ երիտասարդներուն ապրած «առանձնութեան, անհաւասարութեան, մեկուսացման, եւ ընդելուզման պակասի» փորձառութիւններուն, որոնց դիմաց «չենք կարող անտարբեր մնալ» եւ զոր պէտք է դիմագրաւենք «կանգ առնելով դիւրաբեկութեան ու ցաւի իրադարձութիւններուն դիմաց, գիտնալով ունկնդրել մինակութեան եւ անձկութեան աղաղակը, ու հպիլ ոտքի կանգնեցնելու եւ նոր կեանքի կոչելու անոնք` որոնք կ՛իյնան թմրեցուցիչներու ստրկութեան տակ»։

«Հարկաւոր է խրախուսել երիտասարդներ` որպէսզի որոնեն կեանքը ապրելու պատճառներ, կրթական, բուժական և վերականգնողական ուղիներու միջոցաւ և խթանելով այլընտրանքային մշակութային տիպարներ» կը յորդորէ ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2023, 09:00