Որոնել

2021.12.29 Papa Giovanni Paolo I Luciani udienza pellegrini diocesi Belluno, Aula Benedizione abbraccio bambino, Foto Museo Albino Luciani.

Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապին ընտրութեան 45 ամեակը` ժպիտի խոնարհ քահանյապետը

Հեզ, խոնարհ, աղքատները սիրող, ժպիտի քահանայապետը չէր կրնար ակնկալէր թէ Աստուած զինք կոչած էր ոչ միայն առաջնորդելու իր սուրբ ժողովուրդին մէկ մասը, այլ յանձնելու նաեւ տիեզերական եկեղեցւոյ նաւուն ղեկը, թէեւ այս մէկը տեւեց միայն 33 օր ու վաղահաս մահը ընդհատեց Անոր երկրային կեանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիիկան

Այսօրուայ նման` 45 տարիներ առաջ` 26 օգոստոս 1978ին Պապընտիր կարդինալական հաւաքը, որպէս Սուրբ Պօղոս Զ-ի յաջորդ կ՛ընտրէր այդ ժամանակուայ Վենետիկի Պատրիարք` Գերերջանիկ Ալպինօ Լուչանին, որ կ՛որոշէ որդեգրել Յովհաննէս Պօղոս Ա անունը։

Ոչ մէկը կ՝երեւակայէր, որ Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապին քահայանայապետութեան շրջանը կարճ պիտի տեւէր։

33 օր տեւած Քահանայապետութիւն

Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Ա ծնած էր Քանալէ տ՜Ակորտօ 17 Հոկտեմբեր 1912-ին եւ իր մահկանացուն կնքած է Վատիկանի մէջ 28 սեպտեմբեր 1978-ին, Քահանայապետութիւնը ստանձնելէն միայն 33 օրեր ետքը։

Ան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 263րդ Քահանայապետ եւ Հռոմի Եպիսկոպոս ընտրուած էր` 26 օգոստոս 1978-ին։ Անոր Քահանայապետութեան շրջանը նկատուած է Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ տասներորդ ամենակարճ ժամանակաշրջան։

Կրկնակի անունը

Ան իր կրկնակի անունը ընտրած է միաւորելով Յովհաննէս ԻԳ և Պօղոս Զ Պապերու անունները, ոչ միայն որպէս անոնց նկատմամբ երախտագիտութեան պարտք (Յովհաննէս ԻԳ-ն զինք եպիսկոպոս նշանակեց, իսկ Պօղոս Զը Վենետիկի Պատրիարք) այլ նաև որպէս անոնց սկսած գործի՝ ու մասնաւորապէս Վատիկանի Տիեզերական երկրորդ Ժողովի ստանձնած պարտաւորութիւնները շարունակող։

Յովհաննէս Պօղոս Ա շատերէն ճանչցուած է որպէս «ժպիտի Քահանայապետ»։

Սուրբ Պօղոս Զ-ի մահուընէ ետք գումարուած Պապընտիր Կարդինալական ժողովին մասնակցելէ առաջ Երանաշնորհ Լուչանի քահանայապետը յայտնած էր, թէ բարեբախտաբար վտանգ չկար, որ ինք Քահանայապետ ընտրուի, եւ իր այս համոզումին վրայ հիմնուած շարունակած էր ծրագրել Կարդինալական Ժողովէն ետք իր ընելիքները։

Այդ «վտանգը» սակայն իրականութիւն դարձաւ եւ Անոր եղբայրակից կարդինալները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ զինք ընտրեցին Սուրբ Պետրոսի յաջորդ։

Ժպիտի Քահանայապետը

Հեզ, խոնարհ, աղքատները սիրող, ժպիտի քահանայապետը չէր կրնար ակնկալէր թէ Աստուած զինք կոչած էր ոչ միայն առաջնորդելու իր սուրբ ժողովուրդին մէկ մասը, այլ յանձնելու նաեւ տիեզերական եկեղեցւոյ նաւուն ղեկը, թէեւ այս մէկը տեւեց միայն 33 օր ու վաղահաս մահը ընդհատեց Անոր երկրային կեանքը։

Ան որպէս եպիսկոպոսական զինանշան ընտրած էր «humilitas» (խոնարհութիւն) բառը, եւ անոր վրայ հիմնուելով որպէս հոգևոր հովիւ ապրած է հաստատուն հաւատքով, բաց՝ հասարակութեան, մօտ՝ աղքատներուն և աշխատաւորներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը Ալպինօ Լուչանի Քահանայապետի մասին

Անցեալ տարուայ 8 Մայիսին «Avvenire» պարբերաթերթը հրատարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ստորագրութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի «Վարդապետութիւնը: Քահանայապետութեան գրուածքները և փաստաթղթերը» գիրքին նախաբանը որուն մէջ Ան ի միջի այլոց գրած էր.

«Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի Քահանայապետութեան արագընթաց շաբաթներու ընթացքին, Անոր հետ Տէրը գտաւ միջոց մը՝ ցոյց տալու մեզի, որ միակ գանձը հաւատքն է, առաքեալներու պարզ հաւատքը... Որպէս Սուրբ Պետրոսի իրաւայաջորդ իր ապրած կարճ ժամանակաշրջանին Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապը խոստովանեցաւ հաւատք, յոյս և գթութիւն՝ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած առաքինութիւններ... Այդ քրիստոնեայ հաւատքի շնորհիւ Լուչիանին «կարողացաւ մարգարէական հայեացք ուղղել աշխարհի վէրքերու և չարիքներու վրայ՝ ցոյց տալով, թէ որքան կարևոր է խաղաղութիւնը` նաև Եկեղեցւոյ սրտին համար», որու վառ վկայութիւնն են Անոր տարբեր առիթներով բազմաթիւ արտայայտութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ «թող որ Եկեղեցին՝ Աւետարանի աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն խոնարհ պատգամաբերը, կարողանայ նպաստել, արդարութեան, եղբայրութեան, համերաշխութեան և յոյսի մթնոլորտի ստեղծմանը՝ առանց որոնց աշխարհը կարող չէ ապրիլ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2023, 09:14