Որոնել

Մարեմեան աղօթք. Հարց տանք «Ո՞վ է Յիսուս մեզի համար». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Քրիստոս անցեալի յիշատակ մը չէ, այլ ներկայի Աստուածը։ Եթէ ան ըլլար լոկ պատմական անձնաւորութիւն մը, անոր նմանիլը անկարելի պիտի ըլլար մեզի համար։ Պիտի գտնուէինք ժամանակի մեծ անդունդին մէջ ու մանաւանդ անոր տիպարին դիմաց` նման բարձր լեռի մը, որ անհասանելի է, մագլցելու ցանկութեամբ սակայն զուրկ անհրաժեշտ հմտութիւններէ եւ միջոցներէ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ո՞վ է Յիսուս մեզի համար» հարցումն է սա` որուն վրայ Ֆրանչիսկոս Պապը կեդրոնացուց 27 օգոստոսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած (Մատթ. 16,13-20) աւետարանական ընթերցումը, որուն մէջ Յիսուս աշակերտներուն երկու հարց կու տայ` առաջինը «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես» եւ երկրորդը ուղղուած ուղղակի աշակերտներուն « Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս»։

Յիսուս կ՛ուզէ մաս կազմել մեր կեանքին

«Մենք ալ կարող ենք հարց տալ թէ ի՞նչ կ՛ըսեն մարդիկը Յիսուսին մասին բայց այս մէկը բաւարար չէ հասկնալու համար Յիսուսը» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ Յիսուս այդ երկրորդ հարցումը ուղղեց աշակերտներուն որովհետեւ ինք չուզեր ըլլալ անցեալի պատմութեան անձնաւորութիւն մը, դերակատար մը, այլ կ՛ուզէ մաս կազմել մեր կեանքին։

«Քրիստոս անցեալի յիշատակ մը չէ, այլ ներկայի Աստուածը։ Եթէ ան ըլլար լոկ պատմական անձնաւորութիւն մը, անոր նմանիլը անկարելի պիտի ըլլար մեզի համար։ Պիտի գտնուէինք ժամանակի մեծ անդունդին մէջ ու մանաւանդ անոր տիպարին դիմաց` նման բարձր լեռի մը, որ անհասանելի է, մագլցելու ցանկութեամբ սակայն զուրկ անհրաժեշտ հմտութիւններէ եւ միջոցներէ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Յիսուս, ընդհակառակը, կենդանի է ու մեզի կ՛ընկերանայ, մեր կողքին է ու մեզի կը նուիրէ իր Խօսքը եւ իր շնորհքը, որոնք կը լուսաւորեն մեր ճանապարհը»։

Քրիստոսը` Աստուծոյ կենդանի որդին

«Ան իմաստուն եւ մասնագէտ առաջնորդ ուրախ է մեզի ուղեկցելու ամենադժուար ճանապարհներուն և ամենաանանցանելի վերելքներուն ընթացքին» աւելցուց Սրբազան Պապը նշելով, որ կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին մենք միայնակ չենք ու Քրիստոս մեր կողքին է, այնպէս ինչպէս ըրաւ Պետրոսի ու միւս աշակերտներուն հետ: «Ու ճիշտ Պետրոսն է, որ այսօրուայ Աւետարանին մէջ, շնորհքի միջոցաւ կը հասկնայ ու Յիսուսին մէջ կը ճանչնայ «Քրիստոսը` Աստուծոյ կենդանի որդին», որ մարդեղացաւ ու եկաւ մեր հետ կիսելու ճանապարհորդութեան ուրախութիւններն ու յոգնութիւնները» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու քաջալերեց չի յուսալքուիլ ու նայիլ Յիսուսին որ կ՛ընկալէ մեր դիւրաբեկութիւնները։

Ո՞վ է Յիսուս մեզի համար

Ասկէ մեկնակով Քահանայապետը խրախուսեց Յիսուսին նման մենք եւս իրարու ձեռք երկարելու ու նորոգելու այն վստահութիւնը` որ Յիսուսին հետ այն ինչ որ անկարելի կը թուար այլեւս այդպէս չէ։ Ան ապա հրաւիրեց մեր կարգին մենք մեզի հարց տալու թէ «Ո՞վ է Յիսուս մեզի համար» ու հասկնալու եթէ Ան իսկապէս կենդանի է մեր կեանքին մէջ։ Եթէ Անոր կը վստահինք դժուար պահերուն ու եթէ Անոր ներկայութիւնը կը մշակենք Խօսքի ու Խորհուրդներու միջոցաւ, ապա եթէ թոյլ կու տանք որ Ան առաջնորդէ մեզ։

Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2023, 12:10

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >