Որոնել

Liturgy at the Ukrainian Catholic Cathedral in London to mark Ukraine's independence day

Իտալիոյ մէջ Ուքրանացի հաւատացեալներու Յոյն-Կաթողիկէ էկզարխութեան հայող նոր կանոններ

Քահանայապետը ինքնագիր նամակով հաստատեց Իտալիոյ մէջ ուքրանական Յոյն-Կաթողիկէ էկզարխութեան և Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի միջև յարաբերութիւններուն հայող նոր կարգաւորումներ

Վատիկան Նիուզ - Հայակական Բաժանմունք

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ իննագիր նամակը որով նոր կարգաւորումներ կը ներմուծուին Իտալիոյ մէջ ուքրանացի հաւատացեալներուն համար Յոյն-Կաթողիկէ էկզարխութեան և Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի միջև յարաբերութիւններուն` նպաստելու համար բեղմնաւոր Հոգեւոր Հոգատարութեան` անոնց` որոնք կը պատկանին բիւզանդածէս Ուքրանացի Կաթողիկէ հաւատացեալներու առաքելական էկզարխութեան` որ հաստատուած է 11 Յուլիս 2019ին։

Նամակը կը կրէ 28 օգոստոս 2023 թուականը եւ պտուղն է Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 23 Յունիսին շնորհած ունկնդրութեան։

Ինքնագիր նամակին մէջ կը հաստատուի, որ «Էկզարխը իրաւական գետնի վրայ անդամ է Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւք դասին եւ առ այդ արտավարուած է այս վերջինիս գործունութիւնը կարգաւորող կանոններով, ու հետեւի անոր հրահանգներուն» ապա «թէ Էկզարխը նախ քան նոր ժողովրդապետութիւններ ստեղծելը պէտք է տեղական եպիսկոպոսներու կարծիքը առնէ ապա տեղեակ պահէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւնը։

Նոր կանոնները կը հային նաեւ այն քահանաներուն` որոնք կը գործեն իտալիոյ տարածքին ինչպէս նաեւ անոնց որոնք մասնագիտական ուսմունքներու համար Իտալիա կը ժամանեն։

 


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2023, 12:00