Որոնել

Խաչ, հաւատք Խաչ, հաւատք 

Ֆրանչիսկոս Պապ հիմնեց Նոր նահատակներու եւ հաւատքի վկաներու յանձնաժողով մը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի տես 2025ին, յոբելինական սուրբ տարուան, որոշեց Սուրբերու դատի վերատեսչութենէն ներս ստեղծել աշխատանքային նոր խումբ մը՝ պատրաստելու համար, վերջին դարու ընթացքին, Քրիստոսը խոստովանելու համար իրենց արիւնը թափող նահատակներու ցանկը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 5 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով մը Սուրբերու դատի վերատեսչութենէն ներս ստեղծեց Նոր Նահատակներու – հաւատքի մարտիրոսներու յանձնաժողով մը, ի տես, 2025 յոբելինական սուրբ տարուան։

Յանձնաժողովի, աշխատանքային խումբի նպատակն է պատրաստել վերջին դարու ընթացքին, Քրիստոսը դաւանելու համար իրենց արիւնը թափող մարտիրոսներու եւ վկաներու ցանկը։

Ինքնագիր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ «Եկեղեցւոյ մէջ մարտիրոսները վկաներն են այն յոյսի, զոր կը յառաջանայ Քրիստոսին հաւատքէն ու կը մղէ իսկական եղբայրսիրութեան։ Յոյսը վառ կը պահէ այն խոր համոզումը, թէ բարին աւելի հզօր է չարէն, որովհետեւ Աստուած Քրիստոսին մէջ յաղթեց մահուան ու մեղքին»,գրեց Սրբազան Հայրը։

Նշենք, թէ նոր ստեղծուած յանձնաժողովը պիտի շարունակէ 2000-ին, յոբելինական Սուրբ տարուան ընթացքին սկսած աշխատանքները՝ բացայայտելու վերջին դարուան ընթացքին հաւատքի վկաները ու զայն շարունակեն ապագային։

«Մարտիրոսները ընկերացած են եկեղեցւոյ կեանքին՝ ամէն տարեշրջաններուն մէջ ու անոնք կը ծաղկին, որպէս Տիրոջ այգիին հասուն եւ գերազանց պտուղ՝ նաեւ այսօր»։

Մեր ժամանկներու Մարտիրոսները աւելի են քան առաջին դարերուն, անոնք եպիսկոպոսներ, քահանաներ, անձինք նուիրեալներ, աշխարականներ եւ ընտանիքները են, որոնք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ իրենց կեանքին պարգեւով, եղբայրսիրութեան բարձրագոյն ապացոյցը ցոյց տուին։

Արեան համամիութիւն

Ինքնագիր նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ յաջորդ Սուրբ Յոբելեանին պիտի համախմբուինք, արեան համամիութենական տօնակատարութիւնները կատարելու, ինչպէս տեղի ունեցաւ Հռոմի Քոլոսէօ ամփիդատրօնէն ներս համամիութենական արարողութիւնը, 7 մայիս 2000 թուականին, հետեւելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ի Tertio millennio adveniente առաքելական յորդորին, համամիութենական արարողութիւն մը որուն ընթացքին ոգեկչուեցան աշխարհի բոլոր մարտիրոսները, ներկայութեամբ Հռոմի եպիսկոպոսին եւ համայն աշխարհի եկեղեցական հաստատութիւններուն եւ եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներուն։

Ինքնագիր նամակին մէջ Սրբազան հայրը նշեց թէ« նոյնիսկ մեր ժամանակներուն, ուր ականատես ենք դարաշրջանի փոփոխութեան, բազմաթիւ քրիստոնեաներ գտնուելով մեծ դժուարութիւններու դիմաց կը շարունակեն ցոյց տալ՝ մեզ միաւորող Մկրտութեան կենսունակութիւնը։ Շատեր անոնցմէ գիտնալով որ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկուած է կը դաւանեն իրենց հաւատքը կամ ալ մասնակցին կիրակնօրեայ սուրբ Պատարագին։ Շատեր նաեւ կը սպաննուին աղքատին, ընկերութեան մէջ մեկուսացածին հոգ տանելու ժամանակ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, ներողամտութեան ուժը պահպանելու եւ զարգացնելու ատեն։ Շատեր նաեւ լռութեան մէջ պատմութեան ցնցումներու զոհեր կը դառնան  անհատապէս կամ խմբովին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակը աւարտեց վստահեցնելով թէ «Աշխարհի մը մէջ ուր երբեմն կը թուի թէ չարը կը գերիշխէ, մարտիրոսներուն ցուցակի մշակումը, նաեւ մօտալուտ յոբելեանի համատեքստին մէջ, պիտի օգնէ հաւատացեալներուն կարդալու մեր առկայ ժամանակը Զատկուան լոյսին տակ, քաղելով Քրիստոսի հանդէպ առատաձեռնն հաւատարմութեան գանձանակէն, կեանքի եւ բարիքի պատճառները։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2023, 12:31