Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ խումբ մը Լեհ ուխտաւորներու հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 17 յուլիսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Լեհաստանէն ժամանած երիտասարդներէ եւ ընտանիքներէ կազմուած խումբ մը ուխտաւորներուն հետ, որոնք հռոմ եկած են Հոգեւոր Կրթութեան մասնակցելու համար։
Լեհաստանէն ժամանած ուխտաւորները մաս կը կազմեն «Կեանք եւ Լոյս» անուան ընկերակցութեան, որ ճանչցուած է որպէս «Կենդանի եկեղեցւոյ ովասիս» ու նկատուած է Լեհաստանի մէջ եկեղեցական մեծ շարժումներէն մին։
Նշենք, թէ վերոյիշեալ ընկերակցութեան մաս կազմող ԼեՀ երիտասարդներն ու ընտանիքները իրենց ժողովրդապետութիւններուն մէջ կը հետեւին քրիստոնէական կազմաւորման ուղիի մը, որուն ամենէն կարեւոր կէտերէն մին է հոգեւոր կրթութիւնը։ Հասարակութիւնը կազմուած է Հայր Franciszek Blachnicki կողմէ որ սպաննուած է 1987ին, համայնավարներու անվտանգութեան ծառայութեան անդամներուն կողմէ։
Լեհ ուխտաւորներուն դէպի Հռոմ ճամբորդութիւնը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը, հոգեւոր կրթութեան ամենէն կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ