Ֆրանչիսկոս Պապ. Հայր Փաուլոյի Ուրախութեան կոչումը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող ներածականով, Հայր Փաուլօ Տալլ՝Օլիոյի «Իմ կտակս» վերտառութեամբ գիրքը, որուն մէջ հեղինակը կը մեկնաբանէ Սուրիոյ մէջ իր հիմնած Տէր Մար Մուսա վանական հասարակութեան կանոնագիրքը։
Յայտնենք, թէ յառաջիկայ 29 յուլիսին կը նշուի Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Հայր Փաուլօ Տալլ՝Օլիոյի Սուրիոյ մէջ արեւանգումին 10-րդ տարեադարձը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ներածականին մէջ գրած է, թէ յուզիչ է վերընթերցել հայր Փաուլոլի «մարգարէական հատուածները», դիտել տալով, որ անոնք կը նմանին հոգեւորական կտակարանի մը, որուն մէջ Հայր Փաուլօ Տալլ՝Օլիօ Մար Մուսա վանքի վանական հասարակութեան կանոնագիրգին մէջ կը յայտնէ իր խոր մտադրութիւնները, որոնք զինք մղեցին վերակենդանացնելու 4-րդ դարու հին սիրիական վանքը, վերականգնելով անապատի հայրերուն հոգեւորական մեծ աւանդութիւնը։
«Հայր Փաուլոյին իր եղբայրակիցներուն հետ կանոնագիրքի իմաստին շուրջ զրոյցները մեզի կը փոխանցեն մեծ սէր մը. անոնք զրոյցներ են, որոնց մէջ կը բացայատուին նաեւ իր տեսութեան խորութիւնը, իր յանձնառութեան աղբիւրը, բացատրելով, թէ «Անապատին մէջ վանք մը ճրագ մըն է, որ կը տեսնուի հեռուէն, ճանապարհի վրայ կանգառ մըն է եւ ուխտագնացութեան կայարան մը ու մեզի համար դա Մամբրէի կաղնիին նման է , ուր Աստուած մեզի համար կը դառնայ հիւր եւ մենք կը դառնանք Անոր հիւրերը», գրած է Սրբազան Հայրը դիտել տալով ապա թէ տասը տարիներ անցած են Հայր Փաուլոյին մասին լուր չ՝ունեալէն, որ մեծ քաջութեամբ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կապեր փնտռած է՝ Ասորի օրթոտոքս եւ Յոյն Օրթոտոքս եպիսկոպոսները արեւանգողներու հետ, որոնք առեւանգուեցան, Հայր Փաուլոյի անյետացումէն մի քանի շաբաթ առաջ։
«Չկան բառեր մեր ցաւերը արտայատելու համար եւ ի վիճակի չենք անուն եւ պատճառ տալու այդ հետապնդողներու ատելութեան» նշեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով, թէ բոլորս գիտակից ենք, թէ Հայր Փաուլոն երբեք պիտի չցանկանար իր խորհրդաւոր, ողբերգական անհետացման մեղքը վերագրել Մահմետականութեան, ինչպէս նաեւ հրաժարիլ այդ սիրելի երկխօսութենէն, որուն ինք շատ հաւատաց՝ Իսլամ ու մահմետականներուն հետ կապերը փրկելու նպատակաւ, ինչպէս Հայր Փաուլոն հաստատած է իր հասարակութեան կանոնագիրքի մեկնաբանութիւններուն մէջ։
Սրբազան Հայրը ներածականին մէջ գրեց նաեւ, թէ Հայր Փաուլոն երբեք չէր անտեսած խնդիրները, Ան կ՝ունկնդրէր քրիստոնեայ Արաբ, Ղպտի, Քաղդէացի, Մարոնի, Ասորի եղբայրներու տառապանքը։ Ան իր գործունէութեան եւ իր վանական հասարակութեան, որպէս յատուկ կոչում կը զգար եղբայրութեան ճանապարհը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ներածականը աւարտեց մէջբերելով հայր Փաուլոյի՝ Յիսուսի համար վերջին ընծայման օրուան մասին արտայայտած յուզիչ խօսքերէն հատուած մը.« Ես կ՝ըսեմ, մեր կոչումը մահմետական միջավայրէն ներս պէտք է զարդարուած ըլլայ ուրախութեան խնդուքով մը։ Եւ եթէ Աստուած կամենայ, թող ուրախութեան օրը ըլլայ այն երբ մենք կը ճաշակենք Յիսուսի համար վերջին ընծայումը եւ խնդրենք այդ շնորհքը, որովհետեւ շնորհքն մըն է, որ ոչ մէկը կրնայ իրեն վերագրել»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ