Որոնել

Il Papa in piazza per l'udienza generale

Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած են Քահանայապետին բոլոր ունկնդրութիւնները

Ամարային արձակուրդի բերումով, Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած կը նկատուին Քահանայապետին բոլոր ունկնդրութիւնները, ըլլան անոնք հրապարակային, առանձնական կամ յատուկ։ Անոնք կը վերսկսին օգոստոս ամսուայ սկիզբը` չորեքշաբթի 9 օգոստոսէն սկսեալ

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Սովորութեան համաձայն ամարային շրջանի ընթացքին, մէկ Յուլիսէն մինչեւ ամսուան աւարտը կը դադարին Ֆրանչիսկոս Պապին բոլոր ունկնդրութիւնները, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները, մասնաւոր ու յատուկ ունկնդրութիւնները». Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Տան Կառավարութիւնը, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին միջոցաւ տարածած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր ի միջի այլոց կը տեղացուի, որ ունկնդրութիւնները կը վերսկսին օգոստոս ամսուայ սկիզբը` չորեքշաբթի 9 օգոստոսէն սկսեալ։

Առ այդ վաղը` չորեքշաբթի 28 Յունիսին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայանալիք հրապարակային ունկնդրութիւնը կը համարուի ամարային դադարէն առաջ վերջինը։ Ան կը հանդիսանայ նաեւ առաջինը` Ֆրանչիսկոս Պապին Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ վիրաբուժական գործողութենէն ետքը։ Արդարեւ անցեալ 21 Յունիսին նախատեսուած ունկնդրութիւնը եւս անեղեալ հռչակուած էր Քահանայապետին «յետ վիրաբուժական գործողութեան ապաքինման ընթացքը փրկելու նպատակով» յայտարարած  էր այդ առթիւ մամլոյ խօսնակ` Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2023, 11:37