Որոնել

2020.08.06 padre Giorgio Marengo, Mongolia

Ֆրանչիսկոս Պապի Մոնկոլիա այցը քաջալերանք է հաւատացեալներուն և միսիոնարներուն

Սրբազան Քահանայապետի 43-րդ առաքելական ուղեւորութեան հանգրուանը Մոնկոլիան է, որ կը նախատեսուի 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր։ Այդ առթիւ Կարդինալ Մարենկոն հարցազրոյց տուած է վատիկանեան լրատուամիջոցներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Մեծ նշանակութիւն» ներկայացնող լուր՝ ընդունուած «խոր ցնծութեամբ», «կարեւոր նշան» Մոնկոլիայի «երիտասարդ և փոքր համայնք» ունեցող Եկեղեցւոյ համար։ Այս ձեւակերպումներով  Կարդինալ Ճորճօ Մարենկոն՝ Ուլան Բաթորի Առաքելական հոգաբարձուն, իր գոհունակութիւնը արտայայտած է Վատիկանի լրատուամիջոցներուն Ֆրանչիսկոս Պապին 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր Մոնկոլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտարարութեան առթիւ։

Ան մասնաւորապէս շեշտած է, որ այցը իրականութեան մէջ նշան է Սրբազան Քահանայապետի ուշադրութեան և մօտիկութեան՝ հանդէպ Մոնկոլիայի 1500 կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ քանի մը տասնեակէն աւելի միսիոնարներուն։ Հաւատացեալներու շարքին են նաեւ Երկրի մէջ ներկայ սակաւաթիւ օտարերկրացիները, որոնք հոն կը գտնուին աշխատանքի կամ դիւանագիտական առաքելութիւններու համար։

Կարդինալը պատմած է նաեւ, որ միսիոնարները կը ներկայացնեն կրօնական 10 միաբանութիւններ և 27 ազգութիւններ, որոնց աշխատանքի մեծ մասը կ’իրականացուի մարդկային խթանման ծրագիրներու տեսքով, որոնց կը նպաստեն նաև մշակութային հետազօտութիւնները և միջ կրօնական երկխօսութիւնը:

Ուլան Բաթորի Առաքելական հոգաբարձուն նշած է, որ միջ կրօնական համակեցութեան արմատները կը սկսին ԺԲ դարէն եւ արդիւնք են մոնկոլ խաներու հանդուրժողական քաղաքականութեան։ Ուստի, շեշտած է Ան, «քրիստոնէութիւնը արդեն յայտնի էր և կը կիրառուեր եւ գաղափարապէս հաճելի է ներկան կապել այդ հինաւուրց դարաշրջանին հետ»։ «Իսկ անցեալ տարի նշեցինք արդի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արդիւնաւէտ ներկայութեան առաջին երեսուն տարին», յարած է Կարդինալ Մարենկոն։

Անդրադառնալով այլ հաւատքներու հետ յարաբերութիւններուն՝ ան ընդգծած է, որ «միջ կրօնական յարաբերութիւնները կը նմանին փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած ընկերութեան, որ կը նշանակէ միասին քալել, ուր մարդիկ կը մտածեն թէ ինչպէս հաւատարիմ կերպով ապրիլ Աւետարանը ամէն օր։

Կարդինալը ի վերջոյ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապի Մոնկոլիա ուղեւորութիւնը «նախանշի վստահութեան և բարեկամութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ կառուցելու հետագայ քայլը, որու ծիրէն ներս իսկապէս հնարաւոր ըլլայ ապրիլ եւ վկայել Աւետարանը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2023, 11:58