Որոնել

Il Papa torna a Piazza San Pietro dopo lo stop per il ricovero

Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով Քահանայապետը հրաւիրեց հետեւիլ անոնց օրինակին։

Ողջունելով տարեցները, հիւանդները, նորապսակներն ու երիտասարդները, զանոնք եւս հրաւիրեց հետեւելու Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու օրինակին` առաքելապետերու բարեխօսութեան յանձնելով նաեւ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 28 Յունիս 2023ին, Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու տօնին նախօրեակին, որ ըստ լատինաց կը տօնախմբուի ամէն տարուայ 29 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, զանազան լեզուներով ողջունելով աշխարհի տարբեր երկիրներէն ունկնդրութեան առթիւ Հռոմ ժամանած ուխտաւորները, յիշեց` թէ վաղը կը յիշատակուի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնը ու այս տօնին առիթով հրաւիրեց հաւատացեալները «խորացնելու իրենց հաւատքը ու օրինակ առնելու այդ երկու առաքեալներէն, Աւետարանը հռչակելով ամենուրէք` խօսքով եւ գործերով» ըսաւ Ան յատուկ աղօթք խնդրելով նաեւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին համար, այսինքն Քահանայապետին համար։

Նորին Սրբութիւնը` ողջոյնի խօսքերու ընթացքին խնդրեց նաեւ հետեւիլ ունկնդրութեան ընթացքին, որպէս աւետարանական կիրքի տիպար ներկայացուած Սրբուհի Մէրի ՄէքՔիլլոփի օրինակին եւ անոր նման դառնալ Աւետարանի վկաները բոլոր անոնց համար, որոնք կը տառապին աղքատութեան եւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին համար» յարեց Ան, եւ ողջունելով տարեցները, հիւանդները, նորապսակներն ու երիտասարդները, զանոնք եւս հրաւիրեց հետեւելու Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու օրինակին առաքելապետերու բարեխօսութեան յանձնելով նաեւ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2023, 10:00