Որոնել

2023.02.02 Viaggio Apostolico nella Repubblica Democratica del Congo e in Sud Sudan - Incontro con i giovani e con i catechisti presso lo "Stadio dei Martiri"

Քահանայապետին թուիթը. Աստուած իր հայեացքը կը դնէ անոնց վրայ` որոնք կարիքաւորներուն կը ծառայեն

Բարին, կ՛աճի ձեռքերու և սրտերու պարզութեան մէջ, որոնք ուղղուած են ուրիշներուն, փոքր քայլերու քաջութեան մէջ՝ Յիսուսին անունով ամենադիւրաբեկներուն մօտենալու համար»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուած իր հայեացքը ուրախութեամբ կը դնէ անոնց վրայ` որոնք կարիքաւորներուն կը ծառայեն: Այդպէս է` որ կ՛աճի բարին, ձեռքերու և սրտերու պարզութեան մէջ, որոնք ուղղուած են ուրիշներուն, փոքր քայլերու քաջութեան մէջ՝ Յիսուսին անունով ամենատկարներուն մօտենալու համար»: Խօսքերն են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանած էր անցեալ մէկ փետրուար 2023-ին` Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Երկրի Առաքելական Պատուիրակութեան մէջ հիւրընկալելով բարեգործական կազմակերպութիւններու անդամները։

Այս նոյն խօսքերը մաս կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր հրատարակած թուիթին, որուն միջոցաւ Ան ուզեց անգամ մը եւս շեշտը դնել բարեսիրութեան եւ կարիքաւորներուն օգնութեան ձեռք երկարելու կարեւորութեան վրայ ու մասնաւորապէս, որպէս քրիստոնեաներ այդ մէկը ընելու Յիսուսին անունով։

Արդարեւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ արտասանած խօսքին մէջ Քահանայապետը հաստատած էր` որ «բարիքը կ՛աճի լռութեան մէջ»։

«Այս երկրին մէջ, որտեղ այնքան բռնութիւն կայ, որ կը հնչէ նման կոտրուած ծառի որոտ, դուք այն անտառն էք, որ ամէն օր կ՛աճի լռութեան մէջ և օդը կը դարձնէ աւելի լաւ շնչելի», ըսած էր Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով նաեւ, որ «Տէրը կը փնտռուի եւ կը սիրուի աղքատներուն մէջ եւ որպէս քրիստոնեաներ պէտք է զգոյշ ըլլանք երբ անոնցմէ հեռանանք»։

Քահանայապետը առ այդ մատնանշած էր նաեւ` թէ «ընկերութիւն մը կը կառուցի մեկնելով տարեցներուն ու մանուկներուն ցուցաբերուած խնամքէն ու արմատներու եւ ապագային նկատմամբ հոգատարութենէն» եւ սակէ մեկնելով Ան հաստատած էր, որ «իշխանութիւնը ծառայութիւն է»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2023, 13:30