Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդանոցէն մեկնելու ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդանոցէն մեկնելու ժամանակ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական նամակը Ճեմելլի հիւանդանոցի տնօրէնին

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը յայտնեց հիւանդանոցին մէջ ապրած ընտանեկան, եղբայրական եւ հիւրընկալ մթնոլորտին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ճեմելլի հիւանդանոցէն ներս վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելէ եւ ապաքինման կարճ ժամանակ անցնելէ ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց ճեմելլի հիւանդանոցին ընդհանուր տնօրէն, տիար Մարքօ Էլէֆանթիին, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով իրեն ցուցաբերուած ջերմ մօտիկութեան համար։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Վատիկանի Սանթա Մարթա տուն վերադառնալէ ետք կը փափաքի իր երախտագիտութիւնը յայտնել Ճեմելլի հիւանդանոցէն ներս ստացած հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար։

«Այս տառապանքի եւ յոյսի վայրին մէջ անգամ մը եւս կրցայ վայելել ընտանեկան, եղբայրական եւ հիւրընկալ մթնոլորտ մը, որ ինծի շատ օգնեցին վերականգնելու՝ վիրահատութենէն ետք։ Համայն Ճեմելլի ընտանիքին իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ մարդկային եւ հոգեւոր մօտիկութեան համար», գրեց Սրբազան Հայրը։

Յայտնենք, թէ Ճեմելլի հիւանդանոցի տնօրէնը իր կարգին հաղորդագրութեամբ մը ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական նամակին ուրախ եւ յուզիչ խօսքերը կիսեց հիւանդանոցի անձնակազմին հետ։

Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդանոց գտնուելու ժամանակ անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնած էր իրեն խնամք տանող բոլոր անձերուն։

Ան Հիւանդանոցէն մեկնելէ երկու օր առաջ ընթրած է իրեն հոգ տանող անձերուն հետ, այս մասին յայտնած էր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին։ նորին Սրբութիւնը ապա առ ի շնորհակալութիւն ընդունած է գործողութեան խումբի մաս կամող անդամները՝ բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք 7 յունիսէն դասաւորած եւ հնարաւոր դարձուցած են վիրահատութիւնը։

Կարելի չէ մոռնալ նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական խօսքը, զոր արտայայտած էր մանկական ուռուցքաբանութեան կեդրոնին տուած այցելութեան ծիրէն ներս առողջապահական անձնակազմին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնած է ոչ միայն արհեստավարժութեան համար, այլ նաեւ «Ուրիշին տառապանքը նուազեցնելու թափած ջանքերու համար, ոչ միայն դեղամիջոցներով այլ քնքշութեամբ եւ մարդասիրութեամբ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2023, 10:08