Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Քրիստոսի առաքեալներ»  կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ միջազգային երկխօսութեան յանձնախումբի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Քրիստոսի առաքեալներ» կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ միջազգային երկխօսութեան յանձնախումբի անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Հոգին առաքելութեան գլխաւոր դերակատարն է, հետեւինք Անոր ճանապարհներուն»

Ֆրանչիսկոս Պապին «Քրիստոսի առաքեալներ» եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ միջազգային երկխօսութեան յանձնախումբի անդամներուն ուղղած պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 28 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց բողոքական եկեղեցւոյ «Քրիստոսի առաքեալներ» շարժումի եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ միջազգային երկխօսութեան յանձնախումբի անդամները։

Այս առթիւ արտասանած ճառը սրբազան Հայրը սկսաւ Սուրբ Պետրոսի առաքեալի «Աւետարանի դժուար օրերուն, աշխարհի մէջ տարածուած հաւատացեալներու ուղղած «Շնորհք եւ լի խաղաղութիւն» խօսքերով, (1 Պետ 1,2) դիտել տալով որ «Մենք եւս հաւատքի ոչ դիւրին օրերուն, միացած ենք Առաքեալին միեւնոյն վստահութեամբ զոր կ՝ուզէր փոխանցել. այն է յոյսը դնել Մխիթարիչ Աստուծոյ վրայ, որովհետեւ «Ընտրուած ենք Հօր Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն, սուրբ հոգիին միջոցաւ, որ կը սրբացնէ՝ հնազանդելու համար Քրիստոսին» ըսաւ Սրբազան հայրը։

Սուրբ Հոգին յիշողութիւն եւ առաջնորդ է 

Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով Սուրբ Հոգիին ներգործութեան վրայ յարեց, թէ «Սուրբ Հոգին ոչ միայն եկեղեցւոյ կը շնորհէ այն յիշատակը զոր իրեն թոյլ կու տայ մնալու առաքելական աւանդութեան մէջ, Ան նաեւ ներկայ է եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդելով քրիստոնեաներն ու մկրտուած համայն հասարակութիւնը խորացնելու Յիսուսի խորհուրդը։ Սուրբ Հոգին է նաեւ յիշողութիւն եւ առաջնորդ։ ըսաւ Սրբազան հայրը, յիշողութիւն, որովհետեւ «Յիսուս մեզի ըսած է, որ Սուրբ Հոգին մեզի պիտի ուսուցանէ ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ այն ինչ ես ձեզի ըսի «(Յովհ 14,26), Առաջնորդ, որովհտեւ Սուրբ Հոգին կենդանի յիշողութիւն ըլլալ է անդին նաեւ առաջնորդ է» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով թէ Վատիկանեան Տիեզերական երկրորդ ժողովի (Lumen gentium, 4), փաստաթուղթը հը հաստատէ թէ « Աւետարանի ուժով Սուրբ Հոգին եկեղեցին երիտասարդ կը դարձնէ, զայն շարունակաբար կը վերանորոգէ ու կ՝առաջնորդէ դէպի Փեսային հետ կատարեալ միութիւն... «Սուրբ Հոգիին մէջ, զոր առաքելութեան իսկական դերակատարն է, զոր պէտք չէ երբեք մոռնալ, ունինք ուրախութիւնը Յիսուս Քրիստոսն ու Փրկիչը հռչակելու ու կը գտնենք՝ առաջ երթալու ուժը Անոր անունը փառաբանելով եւ մեծարելով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ  Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն է։ Սուրբ Հոգին երբեք թոյլ չտար բաժանումներուն, Հրաւիրելով «մտածել Պենտեկոստէի առաւօտեան մասին, երբ տեղի ունեցաւ մեծ «բաժանում» տարբեր շնորհապարգեւներու միջեւ։ Սակայն Սուրբ հոգին ներդաշնակութիւն ստեղծեց, որ հաւասարակշռութիւններուն բանակցութիւն չէ, որովհետեւ ներդաշնակութիւնը աւելի անդին կ՝երթայ» ըսաւ սրբազան հայրը հաստատելով, որ դա է Սուրբ Հոգիին ճանապարհը։

Քրիստոնեաներուն միութիւնը կ՝իրականանայ միասնաբար քալելու մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ քրիստոնեաներուն միութիւնը կ՝իրականանայ միասնաբար քալելու մէջ, շետելով որ այո՛ Աստուածաբանները վստահաբար կարեւոր են՝ ուսումնասիրելու, վիճելու եւ զրուցելու համար, սակայն միաժամանակ, մենք պէտք է միասին քալել, աղօթելով եւ բարեսիրական գործեր կատարելով։ «Ինծի համար այս է ճանապարհը որ երբեք չհիասթափեցներ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ յառաջ երթալու քայլեր կատարելու համար, մաղթելով քաջութեամբ յարատեւել սոյն ուղեւորութիւնը։ «Այս դիտաւորութեամբ , ձեզմէ կը խնդեմ, որ աղօթէք ինծի համար, «Տիրոջ Հայր» մեր խօսքերով»։ Ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2023, 10:16