Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդանոցի հիւանդ մանուկներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդանոցի հիւանդ մանուկներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ հանդիպեցաւ Ճեմելլիի մանկական ուռուցքաբանութեան բաժանմունքի մանուկներուն հետ

Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ վիրահատական գործողութենէն ետք, ամոքումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս երրորդ անգամ կը հանդիպի մանկական ուռուցքաբանութեան բաժանմունքին մէջ գտնուող մանուկներուն հետ ապա կ՝ողջունէ հիւանդանոցի ղեկավարները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ վիրահատական գործողութենէն ետք, ամոքումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս երրորդ անգամ կը հանդիպի մանկական ուռուցքաբանութեան բաժանմունքին մէջ գտնուող մանուկներուն հետ ապա կ՝ողջունէ հիւանդանոցի ղեկավարները։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Մաթթէօ Պրունիի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը կարդանք, որ վիրահատական գործողութենէ մէկ շաբաթ ետք, մինչ կը պատրաստուի ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդանոցէն դուրս գալը, այսօր առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդանոցին տասներորդ յարկին իր սեփական բնակարանէն դուրս գալով ողջունեց իր հարեւանները՝ հիւանդանոցին փոքրիկները, որոնք խնամքի տակ են, իրենց փոքրիկ մարմնի համար չափազանց մեծ չարիքի դէմ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց նաեւ Հիւանդանոցին ղեկավարները։

Շնորհակալութիւն նամակներուն եւ գծագրութիւններուն համար

Ֆրանչիսկոս Պապ իր սէրն ու գուրգուրանքը յայտնեց Հիւանդանոցի միջանցքին վրայ ծափահարութիւններով դիմաւորող մանուկներուն տալով իր օրհնութիւնները

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեան մէջ կը կարդանք, թէ Նորին Սրբութիւնը սոյն այցելութեամբ ձեւով մը ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել մանուկներուն՝ անցեալ 9 յունիսին, անոնց կողմէ գծագրութիւններ եւ շուտափոյթ ապաքինման նամակը ստանալու համար, որուն վրայ գրուած է «Միշտ քու հետդ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հանդիպեցաւ ու զրուցեց զոյգ մը տարեցներուն հետ։

Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս քահանայապետը երրորդ անգամն է որ կ՝այցելէ մանկական ուռուցքաբանութեան բաժանմունքը։ Առաջինը տեղի ունեցած է 2021 թուականին, յուլիս ամիս, երկրորդը՝ 31 մարտին՝ երբ վարդարաններ եւ շոքոլայէ հաւկիթներ նուիրելէ ետք մկրտեց է նորածին մանուկ մը՝ Միկէլ Անճելը, որ հիւանդանոց կը գտուէր գետին իյնալու պատճառաւ։ Մի քանի օր առաջ մանուկին մայրը Մարչելլան, Ճեմելլի հիւանդանոց մեկնեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին իր նուէրը փոխանցելու համար, տանելով հետ իր ընտանիքին մեծ լուսանկարը  շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքի գրառումով։ Ֆրանչիսկոս Պապ իմանալով այդ այցելութեան մասին հեռաձայնեց տիկին Մարչելլային ու շնորհակալութիւն յայտնեց։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 12:43