Որոնել

2023.06.07 Un minuto per la pace 2023

Քահանայապետը հրաւիրեց 8 Յունիսին մասնակցելու «Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար» ձեռնարկին

Ան խրախուսեց նաեւ «Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնին» առիթով յաճախ և նուիրուածութեամբ մօտենալու Յիսուսին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 7 Յունիս 2023ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացնելէն ետքը, Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ունկնդրութեան մասնակցող իտալացի եւ օտարազգի պատկան հաւատացեալներուն ապա սովորութեան համաձայն յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն ներշնչում քաղելով Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնէն, որ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը «կը տօնախմբէ Սուրբ Հաղորդութիւնը, որ Եկեղեցւոյ կենաքին կեդրոնն ու աղբիւրն է»։

«Յաճախակի և նուիրուածութեամբ մօտեցէք Յիսուսին, կեանքի Հացին, որ ուժ, լոյս և ուրախութիւն կու տայ և Ան պիտի դառնայ ձեր ընտրութիւններու և ձեր գործողութիւններու աղբիւրը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա յիշեց թէ վաղը կէսօրուայ ժամը մէկին «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական միջազգային շարժումը, տարբեր դաւանանքներու եւ կրօններու հաւատացեալներուն կ՛առաջարկէ ամփոփուիլ աղօթքի մէջ «խաղաղութեան համար մէկ վայրկեան» նուիրելով։

«Ընկալենք այս հրաւէրը, աղօթելով աշխարհի մէջ պատերազմի աւարտին համար ու մասնաւորապէս սիրելի եւ մարտիրոս Ուքրանիոյ համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 09:47