Որոնել

2023.06.24 Delegazione del Premio Biagio Agnes

Քահանայապետը «Biagio Agnes» մրցանակի պատուիրակութեան. Տարածեցէք ուղիղ տեղեկատուութիւն

Կարիքը կայ լեզուն զինաթափելու և երկխօսութիւնը խրախուսելու համար ուշադիր հայեացք. Հայեցաք որ սեւեռած ըլլայ սրտին որտեղէ կը բխին շիտակ խօսքերը «փարատելու համար փակ ու պառակտուած աշխարհի ստուերները և կառուցելու աւելի լաւ քաղաքակրթութիւն մը, քան ան որ որպէս ժառանգութիւն ստացանք»

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ 24 Յունիս 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին վերջին պաշտօնական հանդիպումը կայացաւ իտալացի մեծ ու յայտնի լրագրող «Biagio Agnes»ի անուամբ հիմնարկի անդամներու պատուիրակութեան հետ, լրագրողին նուիրուած «Լրագրութեան եւ տեղեկատւութեան միջազգային մրցանակի» 15րդ տարեդարձին առիթով։

Լրագրութեան աշխարհին ապրած յեղաշրջումը

Ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը լրագրող Biagio Agnes-ը որակեց անձ մը` որ «կարող էր միջամտել խելամտութեամբ և որոշում կայացնելով` երաշխաւորելու իսկական և ճիշտ տեղեկատուութիւնը» ու ասկէ մեկնելով մատնանշեց, թէ ինչպէս լրագրութեան աշխարհը կ՛ապրի մեծ յեղաշրջումի պահ մը ակնարկելով նաեւ լրագրողի առօրեայ աշխատանքին որուն կանչուած է սատարել «մաշեցնելով ի կօշիկներուն ներբանները»։

Լրագրութիւնը շարժում ու տեսնելու իղձ, բացուածք ու կիրք

«Լրագրութիւնը որպէս իրականութեան պատմուածք կը պահանջէ կարողութիւն երթալ այնտեղ` ուր ոչ մէկը կ՛երթայ` շարժում եւ տեսնելու իղձ։ Հետաքրքրութիւն, բացուածք, կիրք» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը յղում կատարելով 2021 Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու օրուան առիթով հրատարակած պատգամին ու ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ «երեք տարրերու» վրայ` «որոնք մի գուցէ աւելի նուազ կ՛օգտագործուին սակայն շատ բան ունին սորվեցնելիք. նոթատետր, գրիչ և հայեացք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Նոթատետրը
Խօսելով նոթատետրի մասին նշեց թէ այնտեղ արձանագրւածը ուղղակի վկայութեան կամ ըստահելի համարուած «աղբիւրի» մը տեղեկութիւններ են։ «Ասիկա կը յիշեցնէ ունկնդրութեան կարեւորութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ «լրագրողը պատմութաեն հաշուապահը չէ, այլ անձ մը որ որոշեց ապրիլ ու մասնակից դառնալ պատմութեան իրադարձութիւններուն»

Գրիչը
Ապա գրիչը որ միշտ աւելիով նուզ կը գործածուի եւ «որ այժմ փոխարինուած է աւելի նորոյ ու յառաջացած գորիքներով», նկատել տուաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով սակայն թէ գրիչը կ՛օգնէ մշակելու միքտը իրար կապելով գլուխն ու ձեռքերը, յիշողութիւնները յառաջացնելով ու յիշողութիւնը կապելով ներկայի հետ:

Գրիչը, այսպիսով, կը յիշեցնէ լրագրողներու և լրատուամիջոցներու գործիչներու «ստեղծագործական արարքը», գործողութիւն` որ կը պահանջէ համատեղել ճշմարտութեան որոնումը անկեղծութեան և մարդկանց նկատմամբ յարգանքի հետ, մասնաւորապէս յարգելով մասնագիտական բարոյականութիւնը, ինչպէս ըրաւ Պիաճօ Անիեսը» ըսաւ Քահանայապետը ու անդրադարձաւ վերջին տարրին` հայեացքը։

Հայեացքը
«Նոթատետրն ու գրիչը պարզ գործիքներ են, եթէ չկայ հայեացք դէպի իրականութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով որ «Այսօր, աւելի քան անցեալին, մենք կարող ենք շեղուիլ խօսքերով, պատկերներով և հաղորդագրութիւններով, որոնք կեանքը կ՛ապականեն», ինչպիսի են սուտ լուրերը եւ բոլոր իրականութիւն խեղաթիւրող այլ երեւոյթները։

Կարիքը կայ լեզուն զինաթափելու և երկխօսութիւնը խրախուսելու համար ուշադիր հայեացք. Հայեցաք որ սեւեռած ըլլայ սրտին որտեղէ կը բխին շիտակ խօսքերը «փարատելու համար փակ ու պառակտուած աշխարհի ստուերները և կառուցելու աւելի լաւ քաղաքակրթութիւն մը, քան ան որ որպէս ժառանգութիւն ստացանք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ այս անգամ մէջբերում կատարելով 2023ի Ընկերային հաղորդամիջոցներու օրուան առիթով հրատարակած իր պատգամին ու խօսքը աւարտեց քաջալերով ներկաները յարատեւելու իրենց յանձնառումին մէջ խթանելով մշակութային ձեռնարկներ թիկունք կանգնելու համար «ուղիղ տեղեկատւութեան, կրթելով եւ կազմելով նոր սերունդները»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2023, 11:54