Որոնել

Ֆրանչիսոս Պապին մօտիկութեան ի նշան Ճեմելլի հիւանդանոցին հրապարակի վրայ բազմաթիւ հաւատացեալներ Ֆրանչիսոս Պապին մօտիկութեան ի նշան Ճեմելլի հիւանդանոցին հրապարակի վրայ բազմաթիւ հաւատացեալներ  (ANSA)

Հաւատացեալներուն եւ հիւանդապահներուն ողջագուրմումը Պապին

Ճեմելլի հիւանդանոցին հրապարակը գտնուող «Յովհաննէս Պօղոս Բ» Պապին արձանին շուրջ ներկայ գտնուող բազմաթիւ հաւատացեալներ հոգեպէս մասնակցեցան ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան առանձնական աղօթքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 11 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հետեւելով բժիշկներուն խրատին, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը կատարեց՝ առանձնական կերպով, Ճեմելլի հիւանդանոցի մատրան մէջ։

Ընդհանրապէս բժշկական կամ առողջապահական քննութեան առիթով, հիւանդանոց կեցութեան ընթացքին Քահանայապետը կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը կ՝արտասանէ հիւանդանոցին տասներորդ յարկին պատուհանէն ու իր սիրտի խօսքը կ՝ուղղէ ու կ՝ողջունէ հիւանդանոցին հրապարակը գտնուող հաւատացեալները։

Կիրակի 11 յունիսին, Ճեմելլի հիւանդանոցին հրապարակին Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին արձանին շուրջ ներկայ գտնուող բազմաթիւ հաւատացեալներ հոգեպէս մասնակցեցան ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան առանձնական աղօթքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ “Casa di Maria”, հասարակութեան անդամները ու երիտասարդները ընկերակցութեամբ Հայր Միքէլէյին։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանած է նաեւ հիւանդապահներուն նամակին՝ զանոնք նկատելով «դրան կից Սուրբեր» 

Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանած է նաեւ Ճեմելլի հիւանդանոցի մանկական ջղային հիւանդութիւններու բաժանմունքի հիւանդապահներուն՝ իրեն յղած նամակին հրաւիրելով զանոնք մշակելու քնքշութեան եւ մտերմութեան մշակոյթը։

«Բժշկական անձնակազմը, Հիւանդապահները «կողքի դրան սուրբեր» են, ինչպէս նաեւ դաշտային հիւանդանոցի պատկեր, որովհետեւ անոնք նեցուկ են տառապողին», գրած է Սրբազան Հայրը յորդորելով հիւանդապահները միշտ  բարի սամարացիներ ըլլալու, որոնք կը կրեն ուրիշներուն ցաւը։

Ճեմելլի Հիւանդանոցի անձնակազմը Ֆրանչիսկոս Պապին յղած նամակին մէջ վստահեցուցած են նաեւ, թէ իրենք իրենց սիրտերուն մէջ կը կրեն անջնջելի վէրքի հետքեր՝ փոքրիկներուն ցաւին ու մահուան պատճառով։ «Վէրքեր որոնք շատ մտածել կու տան», գրած են հիւանդապհները մաղթելով ֆրանչիսկոս Պապին շուտափոյթ ապաքինում։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2023, 09:57