Որոնել

2019.03.16 conflitto armato, guerra in Siria, donne, distruzione

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խաղաղութիւնը կարելի է». «Ոչ Պատերազմին». «Այսօր կայ եղբայրութեան քաղց»

Նիու Եորքի մէջ գումարուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին Գերապայծառ Կալլակէրը ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին այս առիթով պատրաստած ճառը, որուն մէջ Ան կը հաստատէ թէ «Խաղաղութիւնը կարելի է եթէ ուզուած է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ժամանակը հասած է լրջօրէն ո՛չ ըսելու պատերազմին եւ հաստատելու թէ պատերազմները չեն, որ արդար են, այլ միայն խաղաղութիւնն է արդար»։ Ապա «խաղաղութիւնը կարելի է եթէ ուզուած է»։ Խօսքերն են ասոնք, զոր պարունակուած էին Ֆրանչիսկոս Պապին Նիու Եորքի մէջ 14 Յունիսին գումարուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ուղղուած ճառին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը, Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր, որուն մէջ Քահանայապետը անգամ մը եւս կոչ ուղղած է կասեցնելու բռնութիւնները, հակամարտութիւններն ու սպառազինութիւնը, որոնք պտուղներն են այսօրուայ աշխարհը յատկանշող «եղբայրութեան քաղցին»։

«Մարդկային եղբայրութեան արժէքները խաղաղութեան խթանման և պահպանման գործին մէջ» նիւթի մասին գումարուած ՄԱԿ-ի վերոնշեալ հաւաքին ներկայ էին նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Անթոնիօ Կութիերէս եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Մուհամմատ Ալ Թայըպը։

Մաս մաս Գ համաշխարհային պատերազմ

Սրբազան Պապին պատգամը կը սկսի այսօրուայ իրականութեան վերլուծական հայեացքով, ուր «խաղաղութիւնը կարծես կը նահանջէ պատերազմին դիմաց» ու մարդկութիւնը ետքայլ կը կատարէ պատմութեան մէջ։

Հակամարտութիւնները կը բազմապատկուին եւ կայունութիւնը սպառնալիքի տակ կը գտնուի։ Կ՛ապրինք մաս մաս կատարուած երրորդ համաշխարհային պատերազմ մը եւ այնքան աւելիով որ ժամանակը կ՛անցնի այնքան աւելիով ան կը տարածուի։

Աշխատեցէք համայն մարդկութեան բարօրութեան համար

Նոյնինքն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը, որուն պարտականութիւնն հսկել աշխարհի անվտանգութեան ու խաղաղութեան վրայ, «ժողովուրդներու աչքին կը թուայ անկարող եւ անդամալոյծ» կը գրէ Սրբազան Պապը, աւելցնելով նաեւ «Սուրբ Աթոռին կողմէ գնահատուած ձեր աշխատանքը, հիմնական է խթանելու համար խաղաղութիւնը եւ ճիշտ ասոր համար է, որ կ՛ուզեմ ձեզի ըսել, ի սրտէ, միասնական հարցերը դիմագրաւեցէք հեռու մնալով գաղափարապաշտութիւններէն ու մասնակիութիւններէն՝ կուսակցական տեսլականներէն ու անհատական շահերէն»։

«Աշխատեցէք համայն մարդկութեան բարօրութեան համար», եղաւ ապա Քահանայապետին խրախուսանքը, որուն աւելցուց պահանջը` «թափանցիկութեամբ ի գործ դնել Միացեալ Ազգերու կանոնադրութիւնը»։

Եղբայրութեան սովը

«Այսօրուայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ բոլորս ալ իրարու աւելի մօտիկ ենք բայց այս չի նշանակեր թէ եղբայրներ ենք։ Ընդհակառակը կը տառապինք եղբայրութեան սովէն, որ ի յայտ կու գայ բազմաթիւ անարդարութիւններու, աղքատութեան, եւ զօրակցութեան մշակոյթի պակասի իրադարձութիւններու ընդմէջէն», դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով նաեւ 2023 տարուայ Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ առթիւ իր պատգամին, որուն մէջ մատնանշած էր տարածուած անհատապաշտութեան, նիւթապաշտական ​​սպառողականութեան, եւ «թափօնի» մտայնութեան, ուր ամենատկարները լքուած ու անտեսուած են։

«Այս եղբայրութեան քաղցին ամենավատ հետեւանքը զինեալ հակամարտութիւններն են, պատերազները» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, որոնք «իրարու թշնամի կը դարձնեն ոչ միայն անհատներ այլ համայն ազգեր, որոնց հետեւանքները ապա բացասական հետքեր ունին ապագայի սերունդներուն վրայ։

Ուղղուիլ դէպի կայուն ապագայ

«Հարկ է ուստի դարձեալ ետքայլ կատարել եւ ուղղուիլ դէպի կայուն խաղաղութիւն ու վերջապէս դառնալ ազգերու ընտանիք», կը շեշտէ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը իր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին ուղղած պատգամին մէջ։

Ան ապա կը հաստատէ, որ խաղաղութիւնը «Աստուծոյ երազն է մարդկութեան համար» ու ասկէ մեկնելով դիտել կու տայ, թէ հարցին արմատը նաեւ տնտեսական է, որովհետեւ «պատերազմը խաղաղութենէն աւելի կը խթանէ շահեր, թէեւ քիչերու համար եւ ի վնաս համայն ժողովուրդներու բարօրութեան»։ Ասոր համար զինավաճառի բերումով կուտակուած շահերը անմեղ արիւնով կեղտոտ դրամներն են» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը խրախուսելով ունենալ «քաջութիւն»։

Քաջութիւն

Քաջութիւն հրաժարելու դիւրաւ ձեռք բերուած շահերէ, պաշտպանելու համար խաղաղութիւնը։ Քաջութիւն` փոխանակ պատերազմելու որոնելու խաղաղութիւնը։ Քաջութիւն խթանելու հանդիպումը եւ նստելու բանակցութեան սեղանին շուրջ փոխանակ շարունակելու թշնամական ուղին։

Խաղաղութիւնը կառուցելու համար հարկաւոր է դուրս գալ պատերազմի օրինականութեան տրամաբանութիւնէն եւ խուսափիլ զանգուածային ոչնչացման զէնքերէ, միջուկային զէնքեր օգտագործելէ, եւ «ո՛չ» ըսել պատերազմին ու «այո» խաղաղութեան, որ ըլլայ կայուն եւ տեւական ու ոչ թէ «կառուցուած զսպման վտանգաւոր հաւասարակշռութեան վրայ, այլ մեզ միաւորող եղբայրութեան վրայ»։

Խթանել եղբայրութիւնը

«Մենք արդարեւ ճանապարհորդ ենք միևնոյն երկրի վրայ՝ բոլորս եղբայրներ և քոյրեր, մէկ ընդհանուր տան բնակիչներ, և չենք կրնար ազգայնամոլութեան ամպերով մթագնել երկինքը, որուն տակ կ՛ապրինք բոլորս», կը հաստատէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով խթանել եղբայրութիւնը, կառուցելու համար խաղաղութիւնը։ Աշխատանք` որ կը պահանջէ «կիրք և համբերութիւն, փորձառութիւն և հեռատեսութիւն, կամք և նուիրուածութիւն, երկխօսութիւն և դիւանագիտութիւն» ու նաեւ «ունկնդրութիւն» յատուկէն անսալով ձայնին անոր, որ կը տառապի հակամարտութիւններու պատճառաւ, եւ առաջինը մանուկները»։

«Ապագան զոր անոնց համար կը կառուցենք պիտի ըլլայ մեր այսօրուայ ընտրութիւններուն դատարանը» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը, որ ճառին աւարտին նշեց, թէ տակաւին ուշ չէ ու կարող ենք գրել պատմութեան խաղաղութեան նոր էջ մը։ Կարող ենք այնպէս ընել, որ պատերազմը պատկանի անցեալին ու ոչ թէ ապագային։ Եւ ասոր համար կայ վճռական բառ մը «եղբայրութիւն»։ Անիկա պէտք չէ վերացական գաղափար մը ըլլայ այլ պէտք է դառնայ գործնական մեկնակէտ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2023, 08:00