Քահանայապետը մէկ շաբաթէ ի վեր կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց` կը ծրագրուի Անոր դուրս գալը յառաջիկայ օրերուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ճիշտ մէկ շաբաթ առաջ, անցեալ չորեքշաբթի օր 7 Յունիսին, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուած էր Ճեմելլի հիւանդանոց, ուր նոյն օրուայ կէսօրէն ետքը ընդհանուր անզգայնացման տակ ենթարկուած էր որովայնահտաման եղանակով որովայնի պատի վերականգնողական վիրահատական գործողութեան։
Այդ օրէն ասդին Ան կը գտնուի ապաքինման ընթացքին մէջ եւ անոր կը հետեւին Ճեմելլի հիւանդանոցի բուժանձնակազմը գլխաւորութեամբ բուժանձնակազմի պատասխանատու` Ճեմելլի հիւանդանոցի Որովայնային և էնտոկրին նիւթափոխանակութեան բժշկական և վիրաբուժական գիտութիւններու ամպիոնի տնօրէն` Փրոֆ. Սերճօ Ալֆիերիի։
Անցեալ շաբաթ օր լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Փրոֆ Ալֆիերին տեղեկացուցած էր, թէ Քահանայապետը ապաքինման ընթացքի առաջին փուլը պիտի անցնէ հիւանդանոցին մէջ, ուր Ան պիտի մնայ առ նուազն մինչեւ այս շաբթուայ աւարտին։
Մինչ այդ ամենօրեայ հրատարակուած հաղորդագրութիւններով կը տեղեկացուի թէ Ֆրանչիսկոս Պապին ապաքինման ու բուժման ընթացքը բնականոն է եւ Ան կամաց կամաց կը վերագտնէ իր ուժերը, այս ստիպողական հանգրուանը ապրելով աղօթքի, ընթերցումի եւ վերանկանգնողական գործունէութեամբ։
Այս առընչութեամբ յիշեցնենք որ անցեալ օրերուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Մաթթէօ Պրունի հաստատած էր, որ Ֆրանչիսկոս Պապին բոլոր ունկնդրութիւնները դադարած կը նկատուին մինչեւ 18 Յունիս 2023:
Նոր Տեղեկատւութիւն
14 Յունիսի ժամը 12.30ին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի յայտարարեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը լաւապէս լաւ ու հանգիստ գիշեր մը անցուց» ու թէ «Բժշկական անձնակազմը կը յայտնէ, որ կլինիկական ընթացքը կ՜ընթանայ կանոնաւոր կերպով, առանց բարդութիւններու, որուն հետեւանքով կը ծրագրեն Քահանայապետին դուրս գալը յառաջիկայ օրերուն»։
Պրունին յայտնեց նաեւ թէ Սրբազան Պապը առաւօտեան նուիրուեցաւ աշխատանքային գործունէութեան ու կէսօրէն առաջ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ եւ ընդունեցաւ Սուրբ Հաղորդութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ