Որոնել

Սիլվիօ Պերլուսքոնի Սիլվիօ Պերլուսքոնի  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի մահուան առիթով

Կարինալ Փիեթրօ Փարոլինի, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիրը, Սիլվիօ Պերլուսքոնիին մահուան առիթով,։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 12 յունիսին, 86 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Սիլվիօ Պերլուսքոնին։

Այս առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր յղեց Սիլվիօ Պերլուսքոնիին դուստրին, Տիկին Մարիա էլվիրա Պերլուսքոնիին։

Ցաւակցագիրին մէջ Կարդինալ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը փոխանցեց Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլիօ Պերլուսքոնիին ընտանեկան պարագաներուն, ապահովուելով Նորին Սրբութեան մասնակցութիւնը սուգին, Իտալական քաղաքական կեանքի գլխաւոր դերակատարին կորուստին համար, որ «զօրեղ կամքով ստանձնած էր հանրային պատասխանատուութիւններ»։

«Նորին Սրբութիւնը Տիրոջմէ կը հայցէ յաւիտենական խաղաղութիւն հանգուցեալին համար եւ սիրտի մխիթարութիւն անոր կորուստը ողբացնողներուն» գրեց կարդինալ Փարոլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2023, 14:47