Որոնել

Alfieri, per Papa parametri regolari, non far� Angelus

Քահանայապետը անցուց հանգիստ օր մը` յատկանշուած աղօթքով եւ ընթերցանութեամբ

Նշենք, որ շատ հաւանական է, որ Քահանայապետը ապաքինման շրջանի այս շաբաթը ամբողջութեամբ անցնէ հիւանդանոցին մէջ, այնպէս ինչպէս անոր խրատած են զինք խնամող բժիշկները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 12 Յունիս 2023ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի հրապարակեց նոր հաղորդագրութիւն մը հայող Ֆրանչիսկոս Պապին Ճեմելլի հիւանդանոցի մէջ յետվիրահատական ապաքինման ընթացքին որուն մէջ հաստատեց թէ «Բժշկական անձնակազմը կը տեղեկացնէ որ Սրբազան Քահանայապետին յետվիրահատական ապաքինման ընթացը կը շարունակէ ըլլալ կանոնաւոր» ու թէ Նորին Սրբութիւնը «այսօր առաւօտեան Ան ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը ապա նուիրուեցաւ աշխատանքային գործունէութեան»

Կիրակի 11 Յունիսին եւս հրապարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ բժշկական անձնակազմը տեղեկացուցած էր որ Նորին Սրբութիւնը տաքութիւն չունի ու թէ անոր արեան շրջանառութիւնը կայուն է։

Նշենք, որ շատ հաւանական է, որ Քահանայապետը ապաքինման շրջանի այս շաբաթը ամբողջութեամբ անցնէ հիւանդանոցին մէջ, այնպէս ինչպէս անոր խրատած են զինք խնամող բժիշկները։

Երկուշաբթի 12 Յունիսի երեկոյեան Մաթթէօ Պրունին «telegram» ընկերային ցանցին վրայ հրատարակեց նոր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ի միջի այլոց նշուած էր.

«Ֆրանչիսկոս Պապին օրը հանգիստ էր՝ ակնկալուած ապաքինման ընթացքով. Կէսօրին Ան նուիրուեցաւ աշխատանքային գործունութիւն, ընթերցումի եւ հանգստեան։ Երեկոյեան նա առանձնական աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ է իր յարկաբաժնի փոքրիկ մատրան մէջ»։

Վերջին թարմացում` 12.06.2023 ժամը 19,15

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2023, 12:22